image

Ի գիտութիւն Ձեզի՝ գիւղերը տարածքային վէճի առարկայ չեն. Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն պատասխանած է Քլաարին

Ի գիտութիւն Ձեզի՝ գիւղերը տարածքային վէճի առարկայ չեն. Ատրպէյճանի ԱԳՆ-ն պատասխանած է Քլաարին

Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղար Այխան Հաճիզատէն X-ի իր էջին պատասխանած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի մէջ ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի յայտարարութիւններուն, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները մեղադրած էր Հայաստանի դէմ ուղղուած սպառնալիքներու համար։

«Պարոն Քլաարը չի կրնար ձերբազատուիլ նախապաշարներէ եւ միայն չարիք կը տեսնէ ատրպէյճանական գիւղերու վերադարձի վերաբերեալ օրինական խօսակցութեան մէջ: Միեւնոյն ժամանակ ան բոլորովին կ՚անտեսէ հայաստանեան լրատուամիջոցներու կոչերը՝ պայքարելու ապօրինի բռնագրաւման շարունակման համար։ Ի գիտութիւն Ձեզի՝ գիւղերը տարածքային վէճի առարկայ չեն»,- գրած է Հաճիզատէն։

Նախօրէին Քլաարը X-ի իր էջին գրառում ըրած էր` նշելով, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու մէջ Հայաստանի հասցէին հնչող սպառնալիքներն անընդունելի են:

«Սահմաններու սահմանազատման վերաբերեալ իրական բանակցութիւններ անհրաժեշտ են, եւ բոլոր տարածքային վէճերը պէտք է լուծուին խաղաղ ճանապարհով`համաձայնեցուած գործընթացի շրջածիրէն ներս»,- գրած է ան: