image
Հրատապ լուրեր:

ՀՅԴ-ն 2026-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի դաշինքով

ՀՅԴ-ն 2026-ի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի դաշինքով

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը պիտի մասնակցի 2026 թուականի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն՝ դաշինքային ձեւաչափով։

Այս մասին նշուած է ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութեան 29-րդ Գերագոյն ժողովի տարածած յայտարարութեան մէջ։

Յայտարարութեան մեջ ընդգծուած է, որ Գերագոյն ժողովը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը լիազօրած է վարել աշխուժ նախընտրական բանակցութիւններ հաւանական դաշինքի ձեւաչափի վերաբերեալ՝ ապահովելով ՀՅԴ նշանակալի դերակատարութիւնը եւ մօտեցումներու արտացոլումը կարեւորագոյն հարցերու մէջ։