Պապը համոզուած է, որ եթէ կարենար այց կատարել, այդ դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ: Ան ըսաւ, որ պիտի երթայ Ուքրանիա, եւ միշտ ցանկութիւն յայտնած է այցելելու Մոսկուա, ինչպէս նաեւ հանդիպելու Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հետ:
Սուրբ Աթոռի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար, արքեպիսկոպոս Փօլ Ռիչարտ Կալահեր չէ բացառած, որ Հռոմի պապ Ֆրանչիսկոսը կրնայ Ուքրանիա այցելել արդէն Օգոստոսին:
«Պապը համոզուած է, որ եթէ կարենար այց կատարել, այդ դրական արդիւնքներ պիտի ունենայ: Ան ըսաւ, որ պիտի երթայ Ուքրանիա, եւ միշտ ցանկութիւն յայտնած է այցելելու Մոսկուա, ինչպէս նաեւ հանդիպելու Ռուսիոյ իշխանութիւններուն հետ», ըսած է Կալահեր:
Հարցին, թէ արդեօք ուղեւորութիւնը Քիեւ կրնայ տեղի ունենալ Գանատայէն վերադառնալէ յետոյ, ուր քահանայապետը պիտի մեկնի Յուլիս վերջը, Կալահեր պատասխանած է. «Այո, ես կը կարծեմ, որ Գանատայէն վերադառնալէ յետոյ մենք իսկապէս պիտի սկսինք ուսումնասիրել այդ հնարաւորութիւնը»:
Խօսելով Օգոստոսի սկիզբը այցի հնարաւորութեան մասին` Կալահեր ըսած է. «Թերեւս ես այդ չբացառէի, բայց շատ բան կախուած է Գանատա ուղեւորութեան արդիւնքներէն: Կը տեսնենք, թէ ինչպէս պապը կը դիմանայ այդ ճամբորդութեան, որ շատ լարուած պիտի ըլլայ եւ յետոյ կը տեսնենք»: