25 Դեկտեմբերին, Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ Հռոմի Պապը հանդէս եկաւ ամէն տարուայ «Քաղաքին եւ աշխարհին» աւանդական ուղերձով, մարդկութիւնը հրաւիրելով երկխօսութեան, միասնութեան եւ խաղաղութեան։ Այս մասին ըսուած է Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
«Նա իր խօսքում անդրադարձաւ աշխարհում գործող հակամարտութիւններին, երկխօսութիւնից հրաժարուելու վտանգներին, իրենց տները հարկադրուած լքածներին մարդասիրական աջակցութիւն ցուցաբերելու անհրաժեշտութեանը։
Իր ուղերձում Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոսը մասնաւորապէս նշեց. «Բեթղեհէմի որդի, թոյլ տուր, որ վերջին հակամարտութիւնների բազմաթիւ ռազմագերիները` քաղաքացիական անձինք ու զինուորականները, ինչպէս նաեւ քաղաքական դրդապատճառներով բանտարկուածները շուտով տուն վերադառնան»», ըսուած է դեսպանութեան հաղորդագրութեան մէջ: