Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն կրկին շեշտած է, որ առանց պաղեստինեան անկլաւի մէջ պահուող պատանդներու ազատ արձակման Իսրայէլը չի համաձայնիր Կազայի հատուածին մէջ կրակի դադրեցման։
Այս մասին ան գրած է X (նախկինTwitter) իր էջին։
«Առանց մեր պատանդներու ազատ արձակման հրադադար պիտի չըլլայ»,- գրած է Իսրայէլի վարչապետը։
Նախօրէին ժողովուրդին ուղղուած իր տեսաուղերձին մէջ Նաթանիահուն ընդգծած էր, որ իր այս դիրքորոշման մասին Իսրայէլը տեղեակ կը պահէ ինչպէս իր թշնամիներուն, այնպէս ալ բարեկամներուն։