image

Հիւսիսային Քորէայէն հերթական սպառնալիք՝ Միացեալ Նահանգներուն

Հիւսիսային Քորէայէն հերթական սպառնալիք՝ Միացեալ Նահանգներուն

Հիւսիսային Քորէան աննախադէպ եւ վճռական պատասխան պիտի տայ Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի զօրավարժութիւններուն։ Այս մասին յայտարարած է Հիւսիսային Քորէայի Արտաքին գործոց նախարարութեան անանուն ներկայացուցիչը, որու յայտարարութիւնը մէջբերած է Քորէայի կեդրոնական հեռագրային գործակալութիւնը, գրած է «Քոմերսանթ»ը:

«Եթէ Միացեալ Նահանգները եւ Հարաւային Քորէան իրենց յայտարարութեան համաձայն իրականացնեն զօրավարժութիւններ, որոնք մենք արդարացի եւ հիմնաւորուած մտավախութիւններով դիտարկենք որպէս յարձակողական պատերազմի նախապատրաստում, ապա անոնք պիտի բախին աննախադէպ երկարատեւ, աննախադէպ վճռական պատասխանի»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը Միացեալ Նահանգները եւ Հարաւային Քորէան որակած է հրահրողներ, որոնք «դիտաւորեալ կը խախտեն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը Քորէական թերակղզիին եւ տարածաշրջանին մէջ»։

Անոր կարծիքով՝ Միացեալ Նահանգները ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դարձուցած է «Հիւսիսային Քորէայի դէմ թշնամական քաղաքականութիւն իրականացնելու անօրինական մարմին»։

Միացեալ Նահանգները եւ Հարաւային Քորէան կը ծրագրեն յաջորդ շաբաթ հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւններ կայացնել՝ բարելաւելու Միացեալ Նահանգներու  միջուկային ուժերու աշխատանքը։ Մարտ ամսուն երկիրները կը ծրագրեն կայացնել «Ազատութեան վահան» զօրավարժութիւններ: