Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեան կը գրէ ՝
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2022 տարին յայտարարեց ՀԱՅ ՍՓԻՒՌՔԻ ՏԱՐԻ: Մեկնած Նորին Սրբութեան այս որոշումէն եւ յոյժ գնահատելով Հայ Սփիւռքի կեանքէն ներս հայերէնաւանդ ուսուցիչներու՝ բազմատասնեակ սերունդներու կեանքին մէջ ազգային ոգին եւ հայոց լեզուն վառ ու գործունեայ պահելու անսակարկ ճիգն ու նուիրուածութիւնը, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ կը հաստատենք ՀԱՅԵՐԷՆԱՒԱՆԴ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ (երկու հարիւր հազար տոլարով - $200.000) քաջալեր հանդիսանալու համար Արեւմտեան Թեմի Ազգ. վարժարաններու մէջ ծառայութիւն բերող հայերէնաւանդ ուսուցիչներուն:
Այս առիթով բարձր կը գնահատենք Արեւմտեան Թեմի Ազգային վարչութիւնը, որուն անվերապահ զօրակցութեամբ կարելի եղաւ հիմը դնել մեր ազգին համար այնքան էական, այսօրինակ հիմնադրամի մը: Լիայոյս ենք, որ բարերարները սատար պիտի հանդիսանան այս հիմնադրամի մնայունութեան, վասն հայոց լեզուի շարունակականութեան եւ հայերէնով նոր արարումներու իրականացման:
Հպարտ ենք ձեզմով, ո՜վ հայոց լեզու, գիր ու դպրութիւն, պատմութիւն, մշակոյթ, քրիստոնէական կրօնք եւ Հայ Դատ աւանդող ուսուցիչներ: Ապրիք երկար, եւ ձեր շունչը ըլլայ անսպառ: