ՀՀ-ն պէտք է ցոյց տայ իր խաղաղ մտադրութիւնները՝ յանձնելով «ռազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները», որոնք «կը թաքնուին» ՀՀ-ի մէջ։ Այս մասին գրած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը։
«Ատրպէյճանի մէջ ընթացքող «դատավարութիւնը» լուրջ անհանգստութիւն կ՚առաջացնէ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան համար՝ մղելով անոնց դատավարութեան դէմ նոր քարոզչական արշաւ սկսելու՝ միջամտելով Ատրպէյճանի ներքին գործերուն։
Դատավարութեան դէմ անհարկի քարոզչութիւն ընելու փոխարէն Հայաստանի կառավարութիւնը պէտք է համագործակցի դատական գործընթացի հետ՝ օգնելու տարածաշրջանին մէջ անցումային արդարութեան վերականգնման եւ կայուն խաղաղութեան։
Խաղաղութեան իրական մտադրութիւնը եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու մէջ նոր սկիզբը, ի թիւս այլ բաներու, կը ցուցադրուի Հայաստանի պատրաստակամութեամբ՝ ընդունելու իր պատասխանատւութիւնը եւ յանձնելու ռազմական յանցագործութիւններու մէջ մեղադրուողները, յատկապէս անոնց, որոնք ներկայիս կը թաքնուին Հայաստանի տարածքին մէջ։
Անհրաժեշտ են իրական քայլեր արդարութեան եւ խաղաղութեան համար»,-գրած է ան։