24 Յուլիսին ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այցով կը գտնուի Թեհրան, այդ մասին հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը։
Պիտի կայանայ Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը, որմէ ետք նախարարները հանդէս պիտի գան մամուլի համար յայտարարութիւններով: