Սեպտեմբեր 13-ին Ճափոն կատարած աշխատանքային այցի ընթացքին ՀՀ Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան պաշտօնական հանդիպում եւ աշխատանքային ճաշ ունեցած է Ճափոնի ազգային անվտանգութեան խորհրդական Աքիպա Թաքէոյի հետ:
Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային եւ արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակին առնչուող հարցերու շուրջ եւ անդրադարձած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին:
Կողմերը նաեւ քննարկած են Հայաստան-Ճափոն երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարները: