Սեպտեմբեր 12-ի լոյս 13-ի գիշերը ատրպէյճանական յարձակման հետեւանքով զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Արմէն Ասլամազեանը։
44-ամեայ Արմէնը 17 տարի առաջ անցած էր Զինուած ուժեր ծառայութեան։ Նախքան Քարվաճառի յանձնումը ան կը ծառայէր Օմարի մէջ։ Մասնակցած էր ապրիլեան եւ 44-օրեայ պատերազմներուն։
«44-օրեայ պատերազմից յետոյ դիմում գրեց եւ դուրս եկաւ Զինուած ուժերից։ Իր վրայ շատ ծանր ազդեցութիւն էր ունեցել մեր զինուորների կորուստը։ Բայց կարճ ժամանակ անց Արմէնը նորից վերադարձաւ, իրենն էր զինուորականի կեանքը, չէր կարող հրաժարուել»,- NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է Արմէն Ասլամազեանի հօրաքոյրը՝ Մարկարիթա Դաւթեանը։
Զինուած ուժեր վերադառնալէ ետք Արմէնը ծառայութիւնը շարունակած է Ջերմուկի մէջ։
«Մեր ունեցած տեղեկութիւններով՝ սեպտեմբերի 13-ի լուսադէմին Արմէնի դիրքը պահելու համար շատ թէժ ու երկար մարտեր են ընթացել։ Ի վերջոյ, 16 հոգուց կազմուած գումարտակը շրջափակման մէջ է ընկել։ Արմէնը եւ տղաները որոշել են պայթեցնել իրենց՝ իրենց հետ տանելով նաեւ թշնամու 400 հոգանոց ջոկատի մեծ մասին։ Տղաների կեանքի գնով դիրքը մեր վերահսկողութեան տակ է մնացել։ Արմէնը միշտ ասում էր՝ զինուորը գերի չպէտք է ընկնի։ Ելք միշտ կայ։ Եթէ զգում ես, որ այլեւս հնարաւոր չէ թշնամու դէմ պայքարել, քեզ պէտք է պայթեցնես»,- նշած է Մարկարիթա Դաւթեանը։
Արմէնը ամուսնացած էր, ունէր երկու որդի։ Աւագ որդին, որպէս ժամկէտային զինծառայող, եւս մասնակցած էր 44-օրեայ պատերազմին։ Կրտսերը որպէս ժամկէտային զինծառայող կը ծառայէ Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանին մէջ, բռնցքամարտի Եւրոպայի ախոյեան է։
Յիշեցնենք, որ սեպտեմբեր 13-ին՝ ժամը 00:05-էն, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները սահմանի ողջ երկայնքով հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած էին բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ ԱԹՍ-ներ: Հակառակորդը հարուածած էր թէ՛ ռազմական, թէ՛ քաղաքացիական կառոյցներ։
Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ սեպտեմբեր 14–ին, ժամը 20։00–էն բոլոր ուղղութիւններով կրակը գրեթէ դադրած է, էական միջադէպեր չեն արձանագրուած։
Վերջին տուեալով՝ զոհուածներու եւ անյայտ կորսուածներու թիւը կը գերազանցէ 210-ը։ Վիրաւորուած է 293 զինծառայող եւ 8 խաղաղ բնակիչ։ Սեպտեմբեր 17-ին ատրպէյճանական կողմը 32 զինծառայողի մարմին փոխանցած էր հայկական կողմին, սեպտեմբեր 20-ին՝ 95, իսկ սեպտեմբեր 23–ին՝ եւս 6 մարմին։ Գերեվարուած էր 20 զինծառայող։ Հոկտեմբեր 4–ին, ատրպէյճանական կողմը ԱՄՆ միջնորդութեամբ, հայկական կողմին վերադարձուցած է 17 հայ ռազմագերիներ։