image

Հերթական կրակոց ԱՄՆ-ի մէջ. Սպաննուած է 6 անձ

Հերթական կրակոց ԱՄՆ-ի մէջ. Սպաննուած է  6 անձ

Միացեալ Նահանգներու մէջ  հերթական յարձակում մը գրանցուած է։

Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ Ամերիկեան ԶԼՄ-ներէ։ Կը նշուի, որ 28-ամեայ կին մը համազարկային  կրակ բացած է Նաշվիլ քաղաքին մէջ  գտնուող   դպրոցի մը մէջ սպաննելով  վեց անձեր։ Զոհուածներուն 3-ը երեխաներ են։ Կը հաղորդուի նաեւ,  որ ոստիկանութիւնը  վնասազերծած  է յանցագործ կինը։ Եղած ոճրագործութիւնը դարձեալ ջուրի երես կը հանէ  Միացեալ Նահանգներու մէջ  զէնքերու արտօնագրի հարցը,  որ տարբեր առիթներով   թէժ  քննարկումներու առիթ կը հանդիսանայ։