Պոլսոյ Հայոց պատրիարք Սահակ Մաշալեան լաւատեսութեամբ ողջունած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի՝ 11 յուլիսին ունեցած հեռախօսազրոյցը, եւ թուիթըրեան իր էջին գրառմամբ արտայայտած է իր գոհունակութիւնն ու ուրախութիւնը:
«Թուրքիոյ Նախագահ Վսեմաշուք Էրտողան եւ Հայաստանի Վարչապետ Մեծայարգ Փաշինեանի միջեւ կատարուած հեռախօսային զրոյցը եղաւ խաղաղութեան վերաբերեալ մեր յոյսերը ծաղկեցնող տօնական նուէր մը մեր աշխարհին համար, որ վրդովուած է պատերազմի լուրերով:
Աղօթող եմ որ թո՛ղ շահին դիւանագիտութեան խաղաղարար միջոցները, եւ ոչ թէ զէնքերը, պատերազմներն ու մահերը: Այս հեռախօսազրոյցը կը մաղթեմ որ պատճառ կը դառնայ որպէսզի բարեկամական նոր էջ մը բացուի հազարամեայ Հայ-Թուրք յարաբերութիւններու մէջ»,- ըսուած է գրառման մէջ:
Յիշեցնենք, որ հեռախօսազրոյցի ժամանակ վարչապետ Փաշինեան շնորհաւորած է Էրտողանը Պայրամի տօնի առիթով, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնի առթիւ։
Ղեկավարներն ընդգծած են իրենց երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման երկկողմ գործընթացի կարեւորութիւնը, որ, ըստ անոնց, պիտի նպաստէ նաեւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման։ Այս ծիրէն ներս անոնք ակնկալիք յայտնած են, որ 1 յուլիսին իրենց երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպման ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները շուտ կեանքի կը կոչուին: