image
Հրատապ լուրեր:

Հայրենի յայտնի դերասանը տարուած է հիւանդանոց. Պատճա՞ռը

Հայրենի յայտնի դերասանը տարուած է հիւանդանոց. Պատճա՞ռը

ArmLur.am-ի տեղեկութիւններով՝ յայտնի հաղորդավար Խորէն Լեւոնեանի եղբայրը՝ դերասան Արսէն Լեւոնեանը, կրակած է իր գլխուն վրայ։ Աղբիւրի հաղորդմամբ՝ նախաքննական մարմինը ինքնասպանութեան փորձի յատկանիշներով յարուցած է քրէական գործ: Իսկ թէ ինչն է պատճառը, կը պարզեն իրաւապահները:

Աւելի վաղ Shamshyan.com-ը գրած էր, որ ժամը 05։30-ի սահմանին Հերացու անուան թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցէն ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին ահազանգ ստացուած է, որ «Գանգուղեղային վնասուածքի (ԳՈւՎ) հարցականով» իրենց մօտ տեղափոխուած է քաղաքացի մը։ Հիւանդանոց մեկնած ոստիկանութեան խումբը պարզած է, որ հիւանդանոց տեղափոխուածը Երեւան քաղաքի բնակիչ 34-ամեայ Ա. Լ.-ն է։

Թիւ 1 համալսարանական հիւանդանոցի բժիշկները յաջողած են տեղւոյն վրայ առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերել Ա․ Լ․-ին եւ բժիշկներու շնորհիւ անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար։

Ոստիկանութեան կեդրոնական բաժնի քրէական հետախուզութեան բաժանմունքի ծառայողները զրուցած են Ա․Լ․-ի հարազատին հետ, որ յայտնած է, որ վերջինս իրեն պատկանող օդաճնշիչ ատրճանակով կամ ինքնասապանութիւն գործելու կամ անզգուշաբար մէկ անգամ կրակոց արձակած է իր գլխուն։

Ոստիկանները նշուած բնակարանը, ուրկէ Ա․ Լ․-ն տեղափոխուած է հիւանդանոց, յայտնաբերած են օդաճնշիչ ատրճանակը։ Դէպքի փաստով նախաձեռնուած է վարոյթ։

Ըստ աղբիւրին՝ Ա․ Լ․-ն Հայաստանի յայտնի տեսաշարներու մէջ խաղացող դերասան է եւ յայտնի հաղորդավարներէն մէկուն եղբայրը։