Արմինէ Ճաղարեանի անժամանակ կորուստը ցաւի մեծ ալիք բարձրացուցած է լրագրողական շրջանակներուն մէջ, իսկ «Դեպեդ» գետին մէջ մակոյկներով դիավարելու (rafting) մարզաձեւը անորոշ ժամկէտով դադրեցուած է։
Հայրենի «Շանթ» կայանի հաղորդավարներէն ՝ Արմինէ Ճաղարեանի տխուր մահուան հանագամանքներուն մասին նոր տեղեկութիւններ յայտնի դարձած են։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ «Սփութնիք Արմինիա» կայանէն, որ նաեւ հաղորդեց, որ Լոռիի մարզի «Դեբեդ» գետին մէջ խորտակուած լաստանաւուն մէջ եղած են 6 անձեր, որոնց շարքին Արմինէ Ճաղարեանը։
Խորտակումէն պահ մը անց ալիքները քշած են Արմինէն, որուն ամուսինը մեծ ճիգեր գործադրած է փրկելու համար իր կեանքի ընկերոջ կեանքը, բայց ցաւալիօրէն չէ յաջողած։
Դէպքի վայր հասած են փրկարարական միաւորներ, որոնք դուրս բերած են խեղդամահ եղած Արմինէի անշնչացած մարմինը։
Արմինէ Ճաղարեանի անժամանակ կորուստը ցաւի մեծ ալիք բարձրացուցած է լրագրողական շրջանակներուն մէջ, իսկ «Դեպեդ» գետին մէջ մակոյկներով դիավարելու (rafting) մարզաձեւը անորոշ ժամկէտով դադրեցուած է։