image

Հայկական կողմը նոր առաջարկներ ունի, մենք զանոնք կը փոխանցենք Պաքուին. Լաւրով

Հայկական կողմը նոր առաջարկներ ունի, մենք զանոնք կը փոխանցենք Պաքուին. Լաւրով

Մենք կողմ ենք հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման շուտափոյթ մեկնարկին: Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով։

«Այդ Ղարաբաղի տարածաշրջանին եւ կարգաւորման խնդիրներուն չի վերաբերիր, այդ զուտ երկկողմանի խնդիր է, որ մենք արդէն մօտ մէկ տարի է կ'առաջարկենք սկսիլ մշակել՝ սահմանազատման եւ սահմանագծման յանձնաժողով ստեղծելով անոր համար եւ առաջարկելով մեզ որպէս խորհրդատու այդ յանձնաժողովին մէջ՝ հաշուի առնելով, որ Ռուսաստանի Դաշնութեան գլխաւոր շտաբը եւ այլ կառոյցներ քարտէզներ ունին, որոնք կ'արտացոլեն Խորհրդային Միութեան ձեւաւորման տարբեր փուլերը եւ անոր վարչական սահմաններու եւ միութենական հանրապետութիւններու միջեւ սահմաններու փոփոխութիւնները: Երէկ ես այս թեմայով շփում ունեցած իմ հայ գործընկերոջ հետ։ Կողմերէն կան համապատասխան առաջարկներ, քանի որ յանձնաժողով ստեղծելու համար առաջին հերթին պէտք է պայմանաւորուիլ, թէ ինչ պայմաններով։ Այդ պայմանները այժմ կը քննարկուին։ Այնտեղ տարաձայնութիւններ կան: Մեր դիրքորոշումը պարզ է. պէտք է նստիլ եւ պաշտօնապէս ստեղծուած յանձնաժողովի շրջանակներուն մէջ լուծել բոլոր այն հարցերը, որոնք դեռ համաձայնեցուած չեն», ըսած է Լաւրով։

Անոր խօսքով՝ Սոչիի մէջ Ռուսաստանի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու հանդիպման ժամանակ (2021-ի Դեկտեմբերին) սկզբունքային համաձայնութիւն ձեռք բերուած է:

«Եւ նոյնիսկ մամուլի հետ շփուելու ժամանակ յոյս յայտնուած է, որ յանձնաժողովը պիտի ստեղծուի մինչեւ 2021-ի վերջ, բայց կրկին կեանքը աւելի բարդ է, հայկական կողմը նոր առաջարկներ ունի, մենք զանոնք կը փոխանցենք Պաքուին։ Տեսնենք, թէ ինչպէս ընել, որպէսզի այդ յանձնաժողովը որքան հնարաւոր է շուտ գործարկուի: Կրկնեմ, որ տարաձայնութիւններ կան, թէ ինչ պէտք է կատարուի, որպէսզի այն սկսի գործել: Դժուար պիտի ըլլայ։ Այս թեմայի քննարկման ընթացքին մենք համոզուեցինք, որ, հաւանաբար, նախընտրելի պիտի ըլլայ ստեղծել այդ յանձնաժողովը՝ անոր օրակարգին մէջ ներառելով առաջնահերթ լուծում պահանջող հարցեր», եզրափակած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարը։