Սփիւռքը եւ հայրենիքը արշաւի ելած են՝ աղաւաղելու մեր բազմահազարամեայ բառամաթերքը՝ մեր ազգային մեծագոյն հարստութիւններէն մէկը, հարիւրաւոր սերունդներու քրտնաջան պայքարի ու մաքարումի ամենափայլուն իրագործումը. յառաջապահի դիրքերուն վրայ կը գտնուին «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերը եւ «Արմէնպրէս»ը, որոնք, ուս-ուսի տուած, առիւծի նման, իբրեւ անխոնջ ասպետներ՝ անագորոյն կը գռոհեն դէպի նոյն տեսլականը՝ փորձելով իրարու ձեռքէ խլել յաղթանակի լուսաւոր ջահն ու յառաջամարտիկի վսեմ պսակը:
1.Առեւանգել
Հերթական զոհերէն մէկն է այս բառը:
***«Անոնք կրնան առեւանգել Լիբանանի նախագահութիւնը»:
Ինչպէ՞ս կարելի է առեւանգել... նախագահութիւն մը. նախագահ մը ըսեն՝ խելքի կը պառկի. օրինակ՝ դիմակ մը կ’անցընես դէմքիդ, կը զինուիս ատրճանակով մը եւ կը հրաւիրես փողոցները անզգուշ սլքտացող նախագահը, որ ինքնաշարժդ մտնէ, այլապէս... ան լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ:
Այս բոլորը աւելի քան բանական, բնական ու տրամաբանական է:
Բայց առեւանգել նախագահութիւնը... ահա ա՛յս է, որ կը մատնէ գրողին մտային բոպիկութիւնը հայոց լեզուի անդաստանին մէջ:
Հիմա նայինք, թէ բառիս ի՛նչ սահմանում կու տայ Մալխասեանը, որ աշխարհաբար բառարանագրութեան խիղճն է.
«Առեւանգել−կին կամ աղջիկ փախցնել՝ առանց ամուսնու կամ ծնողների հաւանութեան»,− եւ առ այս՝ օրինակ կը բերէ «Իլիական»-ի Պարիսը, որ առեւանգեց գեղեցկուհի Հելենան եւ պատճառ դարձաւ Տրովադայի տասնամեայ պատերազմին:
Նշանակութեան տրամաբանական ընդլայնումով, թոյլատրելի է «առեւանգել», ինչպէս վերը բերինք օրինակը, տղամարդիկը եւս՝ ինչ-ինչ քաղաքական, ահաբեկչական կամ նիւթական պատճառներով: Յաճախ պատահած է, որ դրամաշորթներ առեւանգեն մանուկ մը, թէկուզ չափահաս մը, եւ հարազատներէն դրամ պահանջեն՝ իբրեւ փրկագին:
Եւ այսքա՛ն, ուր «նախագահութեան առեւանգում»-ի իմաստը տեղ չունի:
Նախագահութիւնը կարելի է իւրացնել, յափշտակել, խլել, կորզել, զաւթել, հայր Ղազիկեանի գունագեղ լեզուով՝ ապշոպել, բայց ոչ առեւանգել:
* * *
Առեւանգել կ’ըսեմ կամ կը լսեմ, եւ գաղափարներու զուգորդութեամբ կը հասնիմ մինչեւ... Կարո Սասունին՝ Հայ գրականութեան ուսուցիչիս՝ անցած դարու 50-ականներուն:
Որ աւելի լաւ պատմող էր, քան թէ... գրաբանող:
Ուրեմն Դանիէլ Վարուժան կը սիրահարի ինչ-որ Արաքսիի մը, որ կը փոխադարձէ անոր սիրոյն, բայց ահա մեր՝ գլուխը լեցուն եւ գրպանը պարապ դիւցազներգակի բոլոր ճիգերը՝ համոզելու Արաքսիի բարեկեցիկ հայրը,− կը մնան ապարդիւն. մարդը հարուստ փեսայ կ’ուզէ:
Իսկ հարստութիւնը միակ «շնորհն» է, որ Աստուած զլացած էր Վարուժանին:
Ճարահատ՝ ան կ’որոշէ առեւանգել Արաքսին:
Որ անշուշտ կը յօժարի այս առինքնող կարգադրութեան:
Բայց այս ծրագիրն ալ Հարճի առեւանգումը այնքան վառ գոյներով պատմող բանաստեղծին ուժերէն վեր կը թուի ըլլալ, մինչեւ որ իրեն օգնութեան կը հասնի ոչ աւելի, ոչ պակաս՝ Վարդգէս Սերենգիւլեանը, որ երկու ձի թամբած՝ մէկը իրեն, միւսը առեւանգիչին, կու գայ Արաքսիի ննջասենեակի պատուհանին տակ՝ ճիշդ Հարճի առեւանգիչ Տրդատ Բագրատունիին պէս: Արաքսիի մէկ շունչով ցատկելն ու Վարուժանի գիրկը հանգչիլը ակնթարթային կ’ըլլայ, իսկ այնուհետեւ՝
Կանգ մի՛ առներ, սրաթռիչ երիվար,
Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար...
Այս բոլորը շատ բարի, սակայն մինչեւ հիմա ալ չեմ կրցած հասկնալ, թէ գեղջուկ Վարուժանի ընել չկրցածը Վարդգէս ինչպրէ՞ս կրցաւ յաջողցնել իր թոփալ ոտքով:
Դուք ալ պիտի ըսէք՝
−Մինչեւ Օսմանեան խորհրդարան հասնողը այդքանն ալ կրնար ընել հարկաւ:
Եւ դուք ալ իրաւունք ունիք:
Իսկ սա յաջորդն է, արեւելահայերուն ամէնօրեայ մատի փաթթոցը, իսկ արեւմտա-հայոց... բնազդական ընդօրինակութեան առարկան:
«Ադրպեյջանը արգելափակել է Հայաստանից Արցախը սնուցող միակ գազատար խողովակը»:
Այս ալ մեկնաբանութիւնն է ինչ-որ տեղ փակուած ինչ-որ ծորակի մը:
Կարելի՞ է «ծորակի փակումը» թարգմանել արգելափակել բայով:
Կը դիմեմ Ակադեմիայի քառահատոր բացատրականին, քանի Մալխասեան չունի այս բառը, ու կը կարդամ.
«Արգելափակել− բանտարկել, մեկուսացնել, հսկողութեան տակ պահել»,− օրինակ բերուած է Զապել Եսայեանի հետեւեալ կիրարկութիւնը. «Երբեմն ալ յիմարանոցը կ’արգելա-փակէին իբրեւ խենթ»:
Եսայեան ի մտի ունի այն հիւանդները, որոնք Պոլսոյ պատրիարքապատկան հողատարածքի վրայ կառուցուած ս. Խաչ հիւանդանոցը կը դրուէին դարմանումի համար. այս տխրահռչակ հաստատութեան «դարմանումը» կը կայանար այդ խեղճերը խուցերու մէջ մեկուսացնելու մէջ՝ երբեմն կապելով անոնց ձեռքերը, որպէսզի չկարենային իրենց մօտեցողներուն վնասել. ասով ալ յաճախ չէին գոհանար եւ կը կապէին զանոնք յատուկ հաստատուած սիւնի մը կամ մետաղեայ կեռի մը: Եւ կար աւելին՝ մասնաւոր պատրաստութիւն ստացած երկոտանի ճիւաղներ կը մերկացնէին զանոնք, պաղ ջուր կը սրսկէին անոնց վրայ եւ... տուր որ կու տաս՝ կուշտուկուռ կը ծեծէին զանոնք: Այս բոլորը՝ օրուան պատրիարքին եւ անոր սպասարկող մասնագէտ բժիշկներու թելադրութեամբ եւ հսկողութեան տակ, հոն, ուր պատրիարքը ինք եւ բժիշկները պէտք ունէին այդ ծեծին:
Ահա թէ մեզ ուրտեղերը կրնար հասցնել... յիշեալ ծորակը:
Եթէ վերի տողը գրողը տարրական հայերէն մը գիտնար եւ օժտուած ըլլար տարրական խիղճով մը ու ճիշդ գործածէր «արգելափակել» բայը, ձեզի եւ մեղաւորիս խնայած պիտի ըլլար մեր պատմութիւնը մռայլող ու նուաստացնող նման դրուագները:
Չհաշուած հայերէնի խոշտանգումը:
* * *
Գիտեմ, սրտցաւ ընթերցողներ վաղը պիտի գրեն ու զարմացած հարց տան, թէ եզին տակ ի՛նչ հորթ կը փնտռեմ: Է՜հ, կովուն տակ հորթ չգտնողը, ստիպուած կը դիմէ...եզին: Մեր ամբողջ ներկան հիմա եզի տակ հորթի փնտռտուքի վերածուած է. Հայատանի ու մանաւանդ Արցախի վերաբնակեցումէն կը ճառենք հանապազօր՝ առանց հրաժարելու Արեւմուտքի հանգստաւէտ ոստաններէն, տիւ ու գիշեր Բերձորի ազատագրում կը քարոզենք աշխարհի բոլոր հրապարակներէն՝ առանց մէկ հատ ազատամարտիկ ղրկելու ազերի հորդաներու դէմ եւ... եւ... եւ...
Մեզ հայ են ասում...
Մրցոյթ 105.
***Լրացո՛ւր հայկական հետեւեալ ասոյթը.
---Արագ քալեմ՝ կ’ըսեն ծուռ է, դանդաղ քալեմ՝ կ’ըսեն կոյր է:
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադերէիր հետեւեալնեը.
---Անգարա պիտի չաջակցի Շուէտի՝ ՆԱԹՕ-ին անդամակցելու դիմումին:
---Կը մնայ սպասել, որ նշեալ պաշտօնեաները անսան հարցաքննութեան հրաւէրին:
---Ամերիկեան հրասայլերու Ուքրանոյ տրամադրումը ցայտուն սադրանք պիտի ըլլայ:
---Ժողովը քննարկեց շարք մը ընդհանուր հետաքրքրութիւն ներկաացնող հարցեր:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (6), Ցոլակ Ապտալեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (4), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Համբարձում Յարթունեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (7), Գրիգոր Սիմոնեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան(6):
Մրցոյթ 106.
***Լրացո՛ւր ասոյթը.
---Պէտք է իշուն հասկցնել, թէ ինք էշ է, այլապէս ան ինքզինք...............պիտի կարծէ:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
---Ծնողքին ու իր յամառ պայքարին հետեւանքով այսօր կը դատուին մեղաւորները:
---Ան դրական զարգացում ըլլալով գնահատած է բանակցութիւններու մեկնարկը:
***Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի.
---Կիլիկիայէն եկողները ընդհանրապէս (հայախօս-հայախօսներ) չէին:
---Այս բառը (հոմանիշ-հոմանիշներ) չունի:
Արմենակ Եղիայեան
armenag@gmail.com