ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ Արա Զոհրապեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան փաստաբաններու պալատի նախագահ Էրիկ Բեգլարեանը 2 օգոստոսին համատեղ հայց ներկայացուցած են վարչական դատարան` ընդդէմ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի։ Այս մասին Զոհրապեանը յայտնած է հրաւիրուած մամուլի ասուլիսի ժամանակ։
«Վարչական դատարանից խնդրել ենք ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Արցախի Հանրապետութիւնն Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան կազմում ճանաչելու խօսքով արտայայտուած գործողութիւնը ճանաչել ոչ իրաւաչափ։ Երկրորդը`որպէս հետեւանքների վերացման ածանցեալ պահանջ`արգելել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին`կատարելու Արցախի Հանրապետութիւնը Ադրբեջանի կազմում ճանաչելու որեւէ գործողութիւն, այդ թուում` փաստաթուղթ ստորագրելու»,– նշած է Զոհրապեանը։
Ան շեշտած է, որ իրաւական այս գործընթացով կը փորձեն ցոյց տալ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ապրող հայութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային հանրութեան, որ Նիկոլ Փաշինեանի այդ գործողութիւնները հակաիրաւական են։