image

Հայազգի Դաւիթ Ալոյեան նշանակուած է Ուքրանիոյ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախարար

Հայազգի Դաւիթ Ալոյեան նշանակուած է Ուքրանիոյ Ազգային Անվտանգութեան խորհուրդի  փոխնախարար

Դաւիթ Ալոյեան նշանակուած է Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի փոխնախարար։

Այդ մասին կը տեղեկանանք Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուստեմ Ումերովի հրամանագիրէն.-

«Դաւիթ Մանուէլովիչ Ալոյեանը նշանակել Ուքրանիոյ Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի փոխնախարար»,- նշուած է հրամանագրին մէջ։