Օրերս Երեւան այցելութեան տուին թրքական մամուլի տարբեր ներկայացուցիչներու լրագրողներ։ Լրագրողները Երեւան ժամանած էին հայրենի կառավարութեան հրաւէրով։
Այդ պատուիրակութեան մէջ էր նաեւ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականի աշխատակից հայուհի՝ Լուսիէն Քոփարը։
Մեր հայրենակցուհին այս առթիւ իր տպաւորութիւնները կիսած է «Սփութնիք Արմենիա» գործակալութեան եւ զայն արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Թուրքիայէն ժամանած լրագրողները գոհ են ՀՀ կառավարութեան ջերմ ընդունելութենէն։ Այս մասին Sputnik Արմենիայի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց «Agos»–ի սիւնակագիր Լուսիէն Քոփար։
Աւելի կանուխ յայտնած էինք, որ Թուրքիայէն լրագրողներու խումբ մը Հայաստան այցելած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին հետ հարցազրոյց ունենալու համար։ Անոնք այցելած են նաեւ հայ–թրքական սահմանին վրայ գտնուող «Մարգարա» անցակէտը։ Քոփար յայտնեց, որ լրագրողներէն շատեր Հայաստան գտնուած են ասկէ առաջ, բայց, անոնք մտահոգ են, թէ ինչպէս կ’անցնի գործուղումը։
«Երբ կու գայինք, կաշկանդուած էինք, կը մտածէինք` ինչպէս պիտի ընթանայ, բայց երբ եկանք, հասկցանք, որ ամէն ինչ բնականոն կ’ընթանայ։ Կրցանք մեր հարցումները ուղղել ու պատասխանները ստանալ։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը շատ լաւ ընդունեց մեզ»,– յայտնեց լրագրողը։
Քոփարի խօսքով` ամենակարեւոր ու յուզիչ պահերէն մէկը եղած է Մարգարայի անցակէտ կատարած այցը, որովհետեւ 30 տարիէ փակ էր, եւ անոնք կարելիութիւն չունէին անցնելու այդտեղէն։ Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալով ան յայտնած էր որ իրեն համար շատ վրդովիչ էր այս մէկը։ Թուրքիա վերադառնալէն ետք երբ ան կը քննարկէր գործընկերներու հետ, անոնք ալ համակարծիք էին, որ սահմանը անպայման պէտք է բացուի խաղաղութեան համար։ Լրագրողը տեղեկացուց նաեւ, որ անոնք այցելած են ՀՀ ԱԳՆ, հանդիպած նախարարին, փոխնախարարին հետ, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունեցած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յատուկ ներկայացուցիչ Ռուբէն Ռուբինեանի հետ։