image

«Հայաստանը հակամարտութիւններու կիզակէտին». Ռուս փորձագէտ

«Հայաստանը  հակամարտութիւններու կիզակէտին». Ռուս փորձագէտ

Հակամարտութիւնները կը շարունակուին, եւ, ի հարկէ, այն տարածքը, որ կը շրջապատէ Ռուսիան, ուր ներկայ է նաեւ Հայաստանը, ընդհանուր հակամարտութեան տարածութեան մաս կ'ըլլայ, ինչպէս եւ մնացած աշխարհը։ Այս մասին Յուլիս 2-ին, Երեւանի մէջ «Ռուսիոյ եւ Արեւմուտքի հակամարտութիւնը Ուքրանիոյ մէջ» թեմայով քննարկման ժամանակ ըսաւ «Վալտայ» միջազգային բանավէճային ակումբի տնօրէն՝ Թիմոֆէյ Պորտաչեով:

Ըստ ռուս փորձագէտին՝ այս պարագային ոչ ոք բացառութիւն է:

«Եւ այստեղ մենք եւս պէտք է հասկնանք, որ մեր միջազգային յարաբերութիւնները, մեր երկիրներու միջազգային յարաբերութիւնները տեւական պիտի զարգանան պատերազմի ստուերին տակ, անոնք անընդհատ զարգանալու են զինուած հակամարտութեան մշտական հնարաւորութեան ստուերին տակ, որուն մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք եւ որու հաւանականութիւնը մենք տեւական պէտք է հաշուի առնենք մեր դիւանագիտական, արտաքին քաղաքական գործունէութեան մէջ՝ մեր ձեռքբերումներն առաւելագոյնի հասցնելու եւ մեր հաւանական հակառակորդներու ձեռքբերումները նուազագոյնի հասցնելու համար»,- նշեց քաղաքագէտը։

Պորտաչեովի խօսքով՝ Ուքրանիոյ մէջ այժմ տեղի ունեցող հակամարտութիւնը նոր ժամանակի այն հակամարտութիւններէն է, որոնցմէ շատ պիտի ըլլան:

«Ռուսիան, ամենայն հաւանականութեամբ, ներգրաւուած կ'ըլլայ այդպիսի հակամարտութիւններէն շատերուն մէջ: Այն, ինչ մենք հիմա կը տեսնենք Ուքրանիոյ մէջ, որ, եթէ դիմենք բանաստեղծական համեմատութիւններուն, ուրեմն միայն նոր դարաշրջանի արեւի առաջին ճառագայթներն են, որոնք դեռ չեն ծագած, եւ մենք կը տեսնենք միայն առաջին շողերը, եւ ինչ տեսք կ'ունենայ իսկական շոգ կէսօրը, կէսօրը ինչի նման պիտի ըլլայ, մենք կ'իմանանք 10-15 տարի ետք։ Եւ մենք պէտք է բարոյապէս եւ ֆիզիքապէս պատրաստ ըլլանք անոր»,- ըսաւ փորձագէտը։

Փորձագէտին խօսքով՝ այդ կը վերաբերի բացարձակապէս բոլոր պետութիւններուն, քանի որ, ի վերջոյ, անոնցմէ իւրաքանչիւրը անհատապէս պատասխանատուութիւն կը կրէ իր քաղաքացիներուն առջեւ։

«Եւ որեւէ մէկ այլ պետութիւն յարաբերութիւններու որեւէ շրջանակի մէջ՝ դաշնակցային կամ պաշտօնական դաշնակցային, չի կրնար մէկ այլ պետութեան շահերը վեր դասել իր պետութեան քաղաքացիներու շահերէն։ Այդ կը հակասէ պետութիւններու բնոյթին։ Այդ կը վերաբերի, ի հարկէ, Ռուսիոյ, եւ Հայաստանին, եւ ԱՄՆ-ին, եւ ցանկացած եւրոպական ուժի, եւ ցանկացած մէկուն»,- ընդգծեց ռուս քաղաքագէտը։

Անոր կարծիքով՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ միւս երկիրներուն համար կարեւորագոյն խնդիրը կ'ըլլայ սեփական ներքին զարգացումը, սեփական ներքին կայունութեան բարձրացումը, քաղաքացիներու վստահութեան բարձրացումը, որ իրենց երկրի ներսը, անկախ արտաքին յարաբերութիւններէն, իրենց կեանքը կազմակերպուած պիտի ըլլայ իւրօրինակ ձեւով, պետութիւնը պիտի ապահովէ անոնց հիմնական շահերու  նկատմամբ արդարութեան որոշակի մակարդակ:.

«Իսկ պատերազմներն անխուսափելի են, եւ մենք պէտք է ապրինք անոնց հետ»,- աւելցուց ան: