image

Հայաստանն այլեւս «անվտանգ» գօտիէն դուրս է

Հայաստանն այլեւս «անվտանգ» գօտիէն  դուրս է

Եւրամիութիւնը Հայաստանը, Ատրպէյճանը եւ 4 այլ պետութիւն բացառած է այն երկիրներու եւ տարածքներու ցանկէն, ուր ոչ պարտադիր ճանապարհորդութիւնը կը թոյլատրուի COVID-19 համավարակի պայմաններուն: Այս մասին ըսուած է ԵՄ խորհուրդի հինգշաբթի տարածած յայտարարութեան մէջ, գրած է ԹԱՍՍ-ը:

«Խորհուրդը թարմացուցած է այն երկիրներու եւ տարածքներու ցանկը, որոնց համար ժամանակաւորապէս պէտք է հանուին ոչ պարտադիր ճանապարհորդական սահմանափակումները: Մասնաւորապէս, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Ալպանիան, Սերպիան, Պրունէյը եւ Ճափոնը դուրս մնացած են այս ցուցակէն», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Աւելի վաղ ՀՀ Առողջապահութեան նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ COVID-19-ի տարածման եւ դէպքերու կտրուկ աճով պայմանաւորուած` Հայաստանը կրկին յայտնուած է Եւրամիութեան չափանիշներով համաճարակային վտանգաւոր` «կարմիր» գօտիին մէջ: