image

Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլացնելու ուղի գտնել. Ամերիկացի պաշտօնատար

Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլացնելու ուղի գտնել. Ամերիկացի  պաշտօնատար

Միացեալ Նահանգները կոչ կ'ընէ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին թուլացնելու երկու երկիրներու միջեւ առկայ լարուածութիւնը։ Նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Նեդ Փրայս, ասուլիսի ժամանակ։

«Երկու երկիրներուն` Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մեր ուղերձը այն է, որ հարկաւոր է լարուածութիւնը թուլացնելու ուղի գտնել։ Պէտք է ջանքեր գործադրել, որ դարձեալ կանգնին կայուն խաղաղութեան ուղիի վրայ»,–ըսած է ան։

Փրայսի խօսքով` Միացեալ Նահանգները ներգրաւուած եղած է այդ ջանքերուն` ինչպէս երկկողմանի յարաբերութիւններու տեսքով, այնպէս ալ բազմակողմանի։ Ան աւելցուցած է, որ պիտի շարունակեն հնարաւոր ամէն բան ընել թէ՛ անմիջապէս կողմերու հետ, թէ՛ այլ կառոյցներու միջոցով պիտի փորձեն վերոյիշեալ նպատակը առաջ մղել:

Փրայս յոյս յայտնած է, որ միւս երկիրները նոյնպէս այս ուղերձով առաջ կը շարժին։

Անդրադառնալով Հայաստանի Արտաքին գործոց  նախարար Արարատ Միրզոյեանի` Թուրքիա այցին, Փրայս նշած է, որ Միացեալ Նահանգները կ'ողջունէ աշխարհի բոլոր երկիրները, որոնք երկրաշարժերէն ետք կանգնած են Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ ժողովուրդի կողքին: