Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանն ապօրինի հատած Թուրքիոյ քաղաքացին դատապարտուած է 9 ամիս ազատազրկման։ Այս մասին կը տեղեկանանք Դատական տեղեկատուական համակարգէն։
Թուրքիոյ քաղաքացի Աթայ Պիլալը 8 յունուար 2022-ի ժամը 18:54-ի սահմաններուն, շրջանցելով ՀՀ սահմանային անցակէտերը, հետիոտն անցնելով հայ-թրքական սահմանով հոսող Արաքս գետը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու սահմանապահ ուղեկալի կողմէ հսկուող տարածքը յաղթահարելով երկրաչափական պատնէշը, ապօրինի՝ առանց սահմանուած փաստաթուղթերու եւ պատշաճ թոյլտուութեան, հատած է ՀՀ պահպանուող պետական սահմանը եւ Թուրքիոյ կողմէ մուտք գործած է Հայաստանի Հանրապետութիւն, ուր բռնուած է ՀՀ-ի մէջ ՌԴ անվտանգութեան դաշնային ծառայութեան սահմանապահներու կողմէ։
Անոր մեղադրանք ներկայացուած է նախկին քրէական օրէնսգիրքի 329–րդ յօդուածի 1–ի մասի յատկանիշներով, որ կը նախատեսէր պատիժ տուգանքով՝ նուազագոյն աշխատավարձի հարիւրապատիկէն երկուհարիւրապատիկի չափով, կամ ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով:
Արարատի եւ Վայոց Ձորի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի կողմէ Թուրքիոյ քաղաքացին դատապարտուած է ազատազրկման ինը ամիս ժամկէտով, ազատազրկման սկիզբ համարուած է 8 յունուարը։