image

Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Երեւանը պէտք է հրաժարի Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան դէմ յաւակնութիւններէն. Պայրամով

Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ Երեւանը պէտք է հրաժարի  Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան դէմ  յաւակնութիւններէն. Պայրամով

Փետրուար 16-ին Միւնիխի անվտանգութեան համաժողովի շրջաիրէն ներս Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովը հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմս Օ'Պրայընի հետ:

Այս մասին յայտնած է APA գործակալութիւնը՝ յղում ընելով Արտաքին գործոց նախարարութեան։

Նշուած է, որ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկու երկիրներու միջեւ երկկողմ եւ բազմակողմ օրակարգի հարցեր, ինչպէս նաեւ երկկողմ հիմունքներով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի հեռանկարները:

Ճէյհուն Պայրամովն ընդգծած է, որ Հայաստանի սադրանքը, որ յանգեցուցած է ատրպէյճանցի զինծառայողի վիրաւորման, առանց որեւէ հրահրող գործօնի 5 ամսուան կայունութենէ ետք, ուղղուած է խաղաղ գործընթացին հարուած հասցնելուն:

Միեւնոյն ժամանակ, անընդունելի համարած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան առաքելութեան՝ որպէս Ատրպէյճանի դէմ քարոզչութեան միջոցի համատարած չարաշահումը՝ ի հեճուկս յայտարարուած նպատակներու՝ որպէս տարածաշրջանային կայունութեան խթանման, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ վստահութեան կառուցման:

Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին, Պայրամովն ըսած է.

«Կարեւոր է, որ Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, օրէնսդրական գիրերու մէջ Երեւանը հրաժարի տարածքային ինքնիշխանութեան եւ Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան դէմ շարունակուող յաւակնութիւններէն»: