image

Հայաստանի մէջ նոր աթոմային կայանի կառուցման համար փակ բաժնետիրական ընկերութիւն պիտի ստեղծուի

Հայաստանի մէջ նոր աթոմային կայանի կառուցման համար փակ բաժնետիրական ընկերութիւն պիտի ստեղծուի

1 Օգոստոսի նիստին ընթացքին կառավարութիւնը, Հայաստանի մէջ նոր աթոմային կայանի մը կառուցման ծրագիրը կառավարելու նպատակով հաստատեց «Ատոմային նոր էներգաբլոկի կառուցում» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը՝ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ուղեցոյցին հիման վրայ:

Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան ներկայացնելով նախագիծը՝ ըսաւ, որ Հայաստանի ուժանիւթի բնագաւառի զարգացման ռազմավարական ծրագիրի (մինչեւ 2040) ժամանակացոյցով նախատեսուած է Հայկական աթոմային կայանի երկրորդ պլոքի շահագործման ժամկէտի աւարտէն ետք գործող կայանի հարթակին վրայ փոխարինող հզօրութեան այլ պլոքի մը կառուցում՝ տնտեսական նպատակայարմարութեան պարագային դիտարկելով նաեւ փոքր ենթակառոյցներ:

Վերոնշեալ ընկերութիւնը պէտք է համեմատական ուսումնասիրութիւն մը կատարէ բոլոր առաջարկուող արհեստագիտութիւններուն եւ տնտեսական պատկերացումներուն միջեւ, որպէսզի ներկայացնէ իր մասնագիտական առաջարկը:

Արհեստագիտութեան ընտրութեան եւ կայանի կառուցման նախապատրաստական փուլին կազմակերպութեան մօտաւոր գնահատումով, շուրջ 800 միլիոն դրամ տարեկան պիւտճէ պէտք պիտի ըլլայ: Անհրաժեշտ պիտի ըլլայ տարբեր ոլորտներու բարձր որակաւորում ունեցող 50-60 մասնագէտներով համալրուած անձնակազմ մը ունենալ:

Նոր հիմնուող ընկերութեան պիւտճէն ըստ նախնական գնահատականի մը, 2024ի համար, 200 միլիոն դրամ է: