Հանրապետութեան տարածքը կը շարունակէ գտնուիլ Արաբական թերակղզիի շրջաններէն արեւադարձային տաք օդային հոսանքներու ազդեցութեան գօտիին մէջ, որու հետեւանքով Արարատեան դաշտի, Արագածոտնի, Վայոց ձորի նախալեռնային գօտիներու եւ Երեւանի մէջ 12-17 յուլիսի ցերեկային ժամերուն օդի ջերմաստիճանը պիտի հասնի +39…+42 աստիճանի։
Այս մասին կը տեղեկացնէ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարարութեան օդերեւութաբանութեան կեդրոնը:
Մայրաքաղաքին մէջ 13-17 յուլիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ, երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում՝ 17-20մ/վ արագութեամբ:
Մարզերու մէջ 13-17 յուլիսին կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ: Քամին՝ հարաւարեւելեան 2-5մ/վ:
Արմաւիրի, Արագածոտնի եւ Կոտայքի նախալեռներուն մէջ երեկոյեան ժամերուն կը սպասուի քամիի ուժգնացում 15-20մ/վ։ Օդի ջերմաստիճանը 14-16 յուլիսին պիտի բարձրանայ 2-4 աստիճանով։
Արցախի մէջ այսօր եւ վաղը կը սպասուի առանց տեղումներու եղանակ։