image

Հայաստանի մէջ Իրանեան դեսպանատունէն արձագանգ

Հայաստանի մէջ Իրանեան դեսպանատունէն արձագանգ

Իրանեան արուեստի խորհրդանիշ հանդիսացող Կապոյտ մզկիթը վերջին երեք տասնամեակին ընթացքին կրկին աղօթքի եւ հաւաքներու տեղ դարձած է Հայաստանի մէջ գտնուող իսլամներուն համար, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան տեսարժան վայր: Այս մասին Թուիթըրի իր էջով գրած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը:

«Իրանեան արուեստի խորհրդանիշ հանդիսացող Կապոյտ մզկիթը վերջին երեք տասնամեակի ընթացքում կրկին աղօթքի եւ հաւաքներու տեղ դարձած է Հայաստանի մէջ գտնուող իսլամներուն համար, ինչպէս նաեւ` զբօսաշրջութեան տեսարժան վայր: Շատ հաճելի է, որ պահպանուած է անոր դարաւոր պարսկական վիմագրութիւնը: Ո՞վ կրնայ կարդալ զանոնք», ըսուած է դեսպանատան հաղորդագրութեան մէջ: