Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Լիւտմիլա Տենիսովայի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանի ուղեկցութեամբ, այցելած է Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր:
Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ խոնարհած են անմար կրակին մօտ՝ յարգելով 1915-ի անմեղ զոհերուն յիշատակը:
Հիւրերը այցելած են Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագրերուն:
Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի մարդու իրաւունքներու յանձնակատար Լիւտմիլա Տենիսովան գրառում կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի յուշամատեանին մէջ:
Նշենք, որ Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանի փորձի փոխանակման նպատակով Հայաստան կը գտնուի խոշտանգումներու կանխարգիլման ոլորտին մէջ Եւրոպայի մէջ առաջատարներէն համարուող Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատայի մարդու իրաւունքներու յանձնակատարին գլխաւորած պատուիրակութիւնը: