ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ Եւրոխուրհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի՝ 2022 թուականի 6 հոկտեմբերին կայացած հանդիպումէն ետք կողմերը յայտարարութիւն տարածած են, որ կը ներկայացնենք ստորեւ․
«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպեցան 2022 թուականի հոկտեմբեր 6-ին Փրակի մէջ՝ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահի նախաձեռնութեամբ կայացած «Եւրոպական քաղաքական համայնքի» առաջին հանդիպման ծիրէն ներս:
Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ 1991թ. Ալմա-Աթայի Հռչակագրին, որոնց միջոցով երկու կողմերն ալ կը ճանչնան իրար տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Անոնք հաստատեցին, որ այդ հիմք պիտի հանդիսանայ սահմանազատման հարցերով յանձնաժողովներու աշխատանքներու համար, եւ որ այդ յանձնաժողովներու յաջորդ նիստը պիտի կայանայ Պրիւքսէլի մէջ, մինչեւ հոկտեմբերի վերջ:
Հայաստանն իր համաձայնութիւնը յայտնած է՝ խրախուսելու ԵՄ քաղաքացիական առաքելութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանի երկայնքով: Ատրպէյճանը համաձայնած է համագործակցիլ նշեալ առաքելութեան հետ այնքանով, որքանով որ առնչութիւն կ'ունենայ: Առաքելութիւնն իր աշխատանքները պիտի սկսի հոկտեմբերին, առաւելագոյնը երկու ամիս ժամկէտով: Առաքելութեան նպատակը պիտի ըլլայ վստահութեան կառուցումը, եւ իր զեկոյցներու միջոցով, սահմանային յանձնաժողովներուն աջակցիլը»: