image
Հրատապ լուրեր:

«Հայաստանի անձնատւութեան ստորագրութիւնը իմ կեանքի ամենահպարտ պահն էր». Ալիեւ

«Հայաստանի  անձնատւութեան ստորագրութիւնը իմ կեանքի ամենահպարտ պահն էր». Ալիեւ

«Ատրպէյճանի զինուած ուժերու պատմական յաղթանակը յաւերժ պիտի մնայ մեր պատմութեան մէջ »։ APA գործակալութեան հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ:

Ան կրկին անդրադարձած է 44–օրեայ պատերազմին եւ խօսած իր «ձեռքբերումներ»ու մասին։

Ան բնութագրած է 9 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութիւնը, որ ստորագրուած էր Նիկոլ Փաշինեանի․ Վլատիմիր Փութինի եւ իր միջեւ, որպէս անձնատւութիւն եւ յայտնած, որ այդ իր կեանքի «ամենայիշարժան» պահն էր։

Հայաստանի հետ հարցերը կարգաւորել պատրաստուող Ալիեւ, սակայն նման անդրադարձ ըրած է Հայաստանի ու Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու՝ Պրիւքսէլի մէջ հանդիպման նախօրէին․«Ընդամէնը 44 օրուայ ընթացքին արձանագրուեցաւ պատմական յաղթանակ, թշնամին եւ իր ձեռքով ստիպուած ստորագրեց անձնատւութիւն: Սա մեր պատմութեան եւ իմ կեանքի ամենայիշարժան, ուրախ, հպարտ պահերէն մէկն է, երեւի թէ առաջինը։ Այդ  իմ կեանքի ամենահպարտ իրադարձութիւնն է»,- ըսած է Ալիեւ:

Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեան այդ փաստաթղթի մասին ըսած էր․« Սեպտեմբերի 27-ին մեկնարկած պատերազմի աւարտը այնպիսի մի փաստաթղթի ստորագրմամբ, ինչպիսին է Հայաստանի վարչապետի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահների՝ Նոյեմբերի 10-ի համատեղ յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, հանրային յուսահատութիւն է առաջացրել եւ բազմաթիւ հարցեր, որոնց պատասխանը ակնկալւում է առաջին հերթին ինձանից:

Ինչո՞ւ ստորագրուեց Հայաստանի համար նման ոչ շահեկան փաստաթուղթ: Դա տեղի է ունեցել այն պայմաններում, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած ուժերի գլխաւոր շտաբը զեկուցում էր, որ ամէն րոպէ շատ կարեւոր է, եւ րոպէ առաջ պէտք է կանգնեցնել պատերազմը։ Իսկ Արցախի նախագահը ահազանգում էր, որ եթէ ռազմական գործողութիւնները չկանգնեն, օրերի, որոշ սենարներով՝ նոյնիսկ ժամերի ընթացքում կարող ենք կորցնել Ստեփանակերտը»: