«Հայաստանը պիտի մասնակցի Պրիքս-ի գագաթնաժողովին»,- այս մասին ԱԺ-ի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարեց ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան:
Իսկ անդրադառնալով հարցին, թէ ինչո՞ւ Պաքուի հետ բացուող ճամբաներու վերահսկողութիւնը վստահուած է մասնաւոր պահնորդական ընկերութեան, Սաֆարեան ըսաւ «Խաղաղութեան խաչմերուկի» սկզբունքները նոյնն են, այդ մասին խօսուած է, դեռ մանրամասնութիւնները յայտնի չեն:
«Դա «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի հետ որեւէ կապ չունի, բայց դրա տրամաբանութեան մէջ է։ «Խաղաղութեան խաչմերուկի» սկզբունքները նոյնն են, պարզապէս խօսուել է դրա հնարաւորութեան մասին»,-ըսաւ Սաֆարեան։
Փոխնախարարը նշեց, որ խաղաղութեան պայմանագրի 10-րդ փաթեթը փոխանցած են Ատրպէյճանին:
«Իրենք կը պատասխանեն, ըստ դրա, կու տանք մեր դատողութիւնները եւ մեկնաբանութիւնները»,-աւելցուց ան։