Ատրպէյճանի «Յաղթանակի օրուան» առիթով Ալիեւ այցելած է բռնագրաւուած հայկական Շուշի քաղաք եւ շարք մը յայտարարութիւններ ըրած։ Ըստ սովորութեան՝ ան սպառնալիքներ հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին։
Նախ Ալիեւ յայտարարած է, որ յաջորդ տարի Ատրպէյճանի պիւտճէն պիտի հասնի մրցանշային ցուցանիշի։ «Ատրպէյճանի պետական պիւտճէն յաջորդ տարի պիտի հասնի մրցանշային ցուցանիշի։ Հայաստանի մէջ գլուխ բարձրացուցած են ռեւանշիստական ուժերը։ Հայաստանի մէջ ի յայտ եկած են ուժեր եւ շրջանակներ, որոնք չեն ուզեր հաշտուիլ պատերազմի արդիւնքներու հետ»,-ըսած է ան։
Ապա Ալիեւ յայտարարած է, որ «Հայաստանը լիարժէք չի կատարեր 2020 թուականի 10 նոյեմբերի յայտարարութեան դրոյթները, ամբողջութեամբ դուրս չի բերեր Ղարաբաղէն զօրքերը»։ Սա այն պարագային, երբ յայտարարութիւնը նման բան չենթադրեր, բացի այդ, Հայաստանի զօրքերը երբեք չեն եղած Արցախի մէջ։
«Հայաստանը մեզի չի տրամադրեր Զանգեզուրի միջանցքը եւ պարբերաբար ռազմական սադրանքներու կը դիմէ: Ի հարկէ, մենք պատրաստ ենք»,-ըսած է ան։
Ալիեւ աւելցուցած է, որ Ատրպէյճան «պատերազմ չուզեր»։ «Մենք խաղաղութիւն կ'ուզենք, արդար խաղաղութիւն։ Մեր առաջ քաշած պայմանները արդար են, հիմնուած միջազգային իրաւունքի վրայ։ Եթէ Հայաստանը կամք դրսեւորէ՝ խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու համար, ապա այն կը կնքուի։ Կեանքը ցոյց կու տայ՝ ինչ կ'ըլլայ յետոյ»,-աւելցուցած է Ալիեւ։
Ալիեւ կրկնած է իր կողմէ սիրուած արտայայտութիւնը․ «իմ համբերութիւնը անսահման չէ, եւ եթէ Հայաստան չկատարէ իր պարտականութիւնները, ապա Ատրպէյճան անհրաժեշտ քայլեր կը ձեռնարկէ»։
«Երկրորդ Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք Փաշինեան պարզապէս վախցաւ եւ առանց որեւէ կրակոցի մեզի վերադարձրեց Աղտամը, Քելբաջարը, Լաչինը»,-ըսած է Ալիեւ։
Խօսելով Զանգեզուրի միջանցքի մասին՝ Ալիեւ սպառնացած է․ «Զանգեզուրի միջանցքը Հայաստանի պատասխանատւութիւնն է։ Հայաստանը պարտաւորութիւն ստանձնած է։ Երկու տարի է մենք ձեռք չենք տար Լաչինի ճանապարհով Հայաստանէն Ղարաբաղ եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկող ինքնաշարժներուն: Մենք պարտաւորութիւն վերցուցած ենք եւ կը կատարենք զայն: Հայաստանը նոյնպէս պարտաւորութիւն ստանձնած է, որպէսզի ճանապարհային կապ ըլլայ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ: Անցած է երկու տարի, չկայ տեխնիկա-տնտեսական հիմնաւորում, գործողութիւն, երկաթգիծ, ճանապարհ: Որքա՞ն պէտք է սպասենք»:
«Հայաստանը պէտք է յստակ հասկնայ՝ ինչ կը նշանակէ այդ։ Ռազմավարական բարձունքէն մենք կրնանք տեսնել Ղարաքիլսան, Ղաֆանը, Գորուսը եւ Իստիսուն (հայկական քաղաքներու ատրպէյճանական աղճատուած անուանումները)։ Մեծ Գէոյչա լիճը եւս մեր աչքի առջեւ է։ Այդ ամէնը իրողութիւն է։ Մենք այդ իրողութիւնները ստեղծած ենք Հայրենական պատերազմէն ետք։ Ինչո՞ւ։ Առաջին հերթին՝ ի պատասխան Հայաստանի ռազմական սադրանքներու, միւս կողմէ, ապահովելու մեզ հետագայ սադրանքներէ։ Հայկական բանակի դիրքերու մեծ մասը կ'երեւի նշուած բարձունքներէն։ Եւ եթէ այնտեղ ուժերու կեդրոնացում իրականացուի, ապա մենք անյապաղ միջոցներ պիտի ձեռնարկենք»,-ըսած է Ալիեւ։
Ան դիմած է Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերող որոշ իսլամական երկիրներու։ «Մենք սերտ յարաբերութիւններ հաստատած ենք իսլամական երկիրներու հետ եւ բացատրած, որ Հայաստանը յարձակողական քաղաքականութիւն կը վարէ ոչ միայն մեր, այլ նաեւ իսլամական աշխարհի դէմ։ Մզկիթներ ոչնչացնողները չեն կրնար բարեկամանալ իսլամական երկիրներու հետ։ Կրնա՞ք արդեօք իսլամ առաջնորդները գրկախառնուիլ անոնց հետ, որոնք մզկիթներ կ'ոչնչացնեն։ Սա երկերեսանիութիւն է, դաւաճանութիւն, այլ անուն չունի»,-եզրափակած է Ալիեւ։
«Մեր բանակը հերոսութիւն, փրոֆէսիոնալիզմ, նուիրում ցուցաբերած է։ Եթէ պէտք ըլլայ, նորէն ցոյց կու տանք, կը հասնինք անոր, ինչ կ'ուզենք, այդ գիտեն բոլորը, սա պէտք է իմանան նաեւ անոնք, որոնք զօրավարժութիւններ կ'իրականացնեն մեր սահմանին՝ ի աջակցութիւն Հայաստանի։ Ոչ ոք կրնայ մեզ վախցնել»,-ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։