Այս իշխանութիւններու պարագային բան մը միշտ յստակ է եւ կանխատեսելի. Քաղաքական պատուէր` իրաւապահներու յստակ կատարողական: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջով գրած է Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արամ Վարդեւանեանը:
Ան, մասնաւորապէս, նշած է.
«Մասնագիտական համայնքի համար յստակ էր Դատաւոր Բախշիեանի գործի մակագրումից, որ կալանաւորումն անխուսափելի է: Անխուսափելի էր, քանի որ այս իշխանութիւնները չեն հանդուրժում անկախ դատարանը եւ սրանով ազդակ են տալիս բոլորին:
Ժողովրդավարութիւնից դէպի բռնապետութիւն Հայաստանը սլանում է` միջազգային կառոյցների գործուն աջակցութեամբ: Դատաւորի կալանքը տրուեց` Եւրոպայի միութեան դեսպանատան առնուազն լուռ աջակցութեամբ, միջազգային կառոյցների լուռ աջակցութեամբ:
Ակնյայտ է, որ սա աննախադէպ մարտահրաւէր է իրաւունքի գոյութեանը...»: