image

«Հայաստան» խմբակցութիւնը արտահերթ նիստ կը հրաւիրէ՝ Ատրպէյճանի ԱԺ–ին պատասխանելու օրակարգով

«Հայաստան» խմբակցութիւնը արտահերթ նիստ կը հրաւիրէ՝ Ատրպէյճանի ԱԺ–ին պատասխանելու օրակարգով

«Հայաստան» խմբակցութիւնը կ'առաջարկէ ի պատասխան Միլի Մեճլիսին յայտարարութեամբ հանդէս գալ՝ շեշտադրելով Արցախի անկախութեան հարցը։

Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութիւնը 2 դեկտեմբերին արտահերթ նիստի կը հրաւիրէ։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է խորհրդարանի կայքին վրայ։

Ընդդիմադիրները կ'ուզեն, որ ԱԺ–ը յայտարարութիւն ընդունի ի պատասխան Ատրպէյճանի խորհրդարանի՝ 2022 թուականի 8 նոյեմբերի յայտարարութեան։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսը դիմած էր ՀՀ խորհրդարանին` կոչ ընելով հայկական կողմին «ճիշդ գնահատելու ստեղծուած պատմական հնարաւորութիւնը»։ Այսինքն` անոնք կը կարծեն, որ Ատրպէյճանի առաջարկած 5 կէտերու հիման վրայ կատարուած քայլերը կը նպաստեն խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման։

«Հայաստան» խմբակցութիւնը կ'առաջարկէ պատասխանել` ըսելով, որ Ատրպէյճանը պարտաւոր է հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս անվերապահօրէն կատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները, վերջ տալ հայատեացութեան, ռազմական հռետորաբանութեան, բացառել ուժի կիրառումը, ինչպէս նաեւ շանդաժի եւ ճնշումներու միջոցով ցանկալի համաձայնագրերուն հասնելու քաղաքականութիւնը։ Ատրպէյճանական կողմը պարտաւոր է իր զինուած ուժերն անյապաղ վերադարձնել մինչեւ 2021-ի 12 մայիսի զբաղցուցած բնագիծերը, վերադարձնել հայ ռազմագերիները։

Իսկ ինչ կը վերաբերի արցախահայութեան, ապա կարեւոր է ազգերու ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը` առանց սահմանափակումներու։ Նշուած է, որ Արցախն ամրագրած է իր անկախութիւնը` նախկին ԽՍՀՄ օրէնսդրութեան ու միջազգային իրաւունքի բոլոր նորմերուն համապատասխան։ ՀՀ–ն կողմ է ճանապարհներու ապաշրջափակման, սակայն կը բացառուի անոր իրականացումը ՀՀ ինքնիշխան տարածքով միջանցքի տրամադրման միջոցով։

Միաժամանակ խմբակցութիւնը կ'առաջարկէ միջազգային հանրութեան գնահատական տալ Ատրպէյճանի յարձակման, պատասխանատւութեան ենթարկել անոր կատարած ռազմական յանցագործութիւններուն համար։ Իսկ միջազգային մարդասիրական կազմակերպութիւններուն կոչ կ'ընեն քայլեր ձեռնարկելու հայ բոլոր գերիները հայրենիք վերադարձնելու համար։

Աւելցնենք, որ դեռ պարզ չէ` իշխող մեծամասնութիւնը պիտի մասնակցի նիստին, թէ ոչ։