Հայաստանն ու Իրանը կը քննարկեն Իրանէն Հայաստան կազի մատակարարման ծաւալներնը աւելցնելու հարցը, այս մասին Իրան–Հայաստան միջկառավարական յանձնաժողովի 17-րդ նիստէն յետոյ ըսաւ Իրանի ուժանիւթի նախարար Ալի Աքպր Մեհրապեանը:
«Հաշուի առնելով կազի համաշխարհային պահանջարկը` բնականաբար պէտք է զարգացնել տարանցման հնարաւորութիւնը օգտագործելու հանգամանքը: Բնականաբար «Հիւսիս–Հարաւ» մայրուղին Հայաստանը շատ լաւ տարբերակ կը դարձնէ ապրանքներու տարանցման համար: Իրանէն Հայաստան կազի արտահանման ծաւալները աւելցած են եւ պէտք է նշեմ, որ այսօրուայ նիստի ընթացքին նաեւ Իրանի կազի արտահանման ազգային ընկերութեան գործադիր տնօրէնը այստ էր եւ քննարկումներու ընթացքին համաձայնութիւններ ձեռք բերուած են եւ պիտի քննարկուի կազի մատակարարման ծաւալներու աւելացման հարցը», ըսաւ նախարարը:
Հարցին, թէ արդեօ՞ք այլ երկիրներու կողմէ խոչընդոտներ կան կազի մատակարարման հարցով, Ալի Աքպար Մեհրաբեանը բացասական պատասխան տուաւ:
Լրագրողներու հարցին, որ Փետրուարին հանդիպեցան Իրանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ուժանիւթի նախարարները եւ յայտարարութիւն եղաւ Ատրպէյճանի կողմէ, որ քննարկում եղած է «Հիւսիս–Հարաւ» ուժանիւթային միջանցք բանալու հնարաւորութեան մասին, արդեօ՞ք սա կը նշանակէ, որ Հայաստանը դուրս կը մղուի «Հիւսիս–Հարաւ» ուժանիւթային միջանցքի ծրագրէն, իրանցի նախարարը պատասխանեց․
«Փոխըմբռնման յուշագիրը, որ այսօր ստորագրեցինք, ունի կէտ, որուն մէջ նշուած է Իրան–Հայաստան–Վրաստան ելեկտրականութեան փոխանցման մասին: Նաեւ մենք Ատրպէյճանի կողմէ դէպի Ռուսաստան ելեկտրականութեան գիծերը սինքրոնացուցած ենք, նաեւ կը սինքրոնացնենք դէպի Վրաստան: Եղանակային առումով մենք տարբեր պայմաններու մէջ կը գտնուինք․ Ռուսաստանին անհրաժեշտ է, որ ելեկտրականութիւնը աւելի շատ փոխանցուի ձմրան, իսկ Իրանի մէջ անհրաժեշտ է, որ աւելի շատ ամրան ստանանք ելեկտրականութիւն: Ուստի ուժանիւթային ուղիներու բազմազանութիւնը կը նպաստէ, որ մենք կարենանք տարբեր կլիմայական պայմաններու մէջ մեզի անհրաժեշտ ծաւալը ստանալ, իսկ աւելցուքը` արտահանել»: