Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան անդրադարձած է Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման խնդրին։ Ան յիշեցուցած է, որ երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնները սառեցուած են «Հայաստանի կողմէ ատրպէյճանական տարածքներու բռնագրաւման պատճառով»։
Անոր խօսքով՝ բռնագրաւումը փաստացի աւարտած է, ներկայիս բանակցութիւններ կ'ընթանան Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմաններու գծանշման շուրջ։
«Թուրքիան ուշադիր կը հետեւի իրադարձութիւններու զարգացման։ Թուրքիոյ դիրքորոշումն այսպիսին է՝ յարաբերութիւնները կը կարգաւորուին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր պայմանաւորուածութիւններու իրագործումէն ետք»,-ըսած է Ֆիտան:
Թուրք նախարարն ընդգծած է, որ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը նպաստէ տնտեսութեան զարգացմանն ու կայունութեան։