Վերջապէս Arevelk.am-ի աղբիւրը ի լրումն շրջանառուող խօսակցութիւններուն եզրակացուցած է, որ հայ -թրքական խնդրին մասին Տ. Խաժակ Սրբազանի կամ Պատրիարք Հօր կողմէ թեման առաջ քաշուելու մասին եղած խօսքերը կը համարուին անհիմն եւ անիրաւացի։
Օրեր առաջ Անգարայի մէջ կայացաւ Պոլսոյ Հայոց Սահակ Բ. Պատրիարքի Վատիկանի մօտ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ յատուկ պատուիրակ՝ Գերշ. Տ. Խաժակ արք Պարսամեան։ Գերշ. Տ. Խաժակ արք.ի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մէւլութ Չաւուշօղլուի միջեւ հանդիպումը։
Հանդիպումէն անմիջապէս ետք հայաշխարհի տարբեր հարթակներ լուրեր գրեցին այցելութեան մասին յաճախ ալ կատարելով անյստակ մեկնաբանութիւններ։
«Արեւելք»ի Պոլսոյ աղբիւրին հաղորդմամբ սոյն հանդիպման նպատակը եղած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ յառաջիկայ տարի Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշատ հայրերէն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի ծննդեան 850 -ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն մասին քննարկումներ ունենալը։
Կը նշուի նաեւ, որ ոչ Պատրիարք Հայրը, ոչ ալ Տ. Խաժակ Սրբազանը Չաւուշօղլուին հետ հայ-թրքական խնդրին կամ վերջին զարգացումներուն մասին ոչ հեռուէն, ոչ ալ մօտէն քննարկում մը կատարած են։
Ընդհակառակը այդ մասին խօսած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը, եւ մեր առաջնորդ հայրերը եղած են լսողի դերին մէջ։
Յաւելենք, որ Պատրիարք Հայրը Չաւուշօղլուին խօսած է համայնքը յուզող հարցերու մասին, եւ մասնաւորապէս համայնքային ընտրութեանց (Վագըֆ) մասին, եւ ի պատասխան այդ խնդիրներուն շուրջ առկայ մտահոգութեան Չաւուշօղլուէն լսած է առկայ հարցերուն լուծում մը տալու մասին Թուրքիոյ իշխանութիւններուն պատրաստակամութիւնը։
Վերջապէս Arevelk.am-ի աղբիւրը ի լրումն շրջանառուող խօսակցութիւններուն եզրակացուցած է, որ հայ -թրքական խնդրին մասին Տ. Խաժակ Սրբազանի կամ Պատրիարք Հօր կողմէ թեման առաջ քաշուելու մասին եղած խօսքերը կը համարուին անհիմն եւ անիրաւացի։