image
Հրատապ լուրեր:

Հայ երեք Հոգեւոր պետերու հանդիպում Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս

Հայ երեք Հոգեւոր պետերու հանդիպում Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հիւրընկալութեամբ, Երեքշաբթի, 26 Յուլիս 2022-ին, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, հերթական հանդիպում ունեցան Ազգ. Առաջնորդարանի Սրբազան Հօր գրասենեակէն ներս:

Հանդիպումին արծարծուեցան միջ-համայնքային հաստատութիւններու եւ ձեռնարկութիւններու յառաջնթացին առնչուող նիւթեր։

Համայնքապետները լուսարձակի տակ առին ներկայիս տիրող դժուարին պայմանները։ Այս իրավիճակին մէջ ժողովուրդին հասնելու համար, անոնք միջոցներ որոնելու ձեւերուն անդրադարձան։

Հանդիպումը ընթացաւ սիրոյ եւ եղբայրական ջերմ մթնոլորտի մէջ։

 

Լուրը՝ «Գանձասար»էն