Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման ու սահմանագծման հարցերով երկու երկիրներու յանձնաժողովներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր։
Այս մասին լրատուամիջոցներուն յայտնած են փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գրասենեակէն։
Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Իջեւանի եւ Ղազախի հատուածին մէջ։
Յիշեցնենք՝ սահմանազատման յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումը՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորութեամբ, տեղի ունեցած էր նոյեմբեր 30-ին։