image

Հայ աշակերտներու նեցուկ մարմինը այցելեց՝ Ազգային Առաջնորդարան

Հայ աշակերտներու նեցուկ մարմինը այցելեց՝ Ազգային Առաջնորդարան

Օրերս, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունած է 30 տարիներէ ի վեր հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւն ցուցաբերող յանձնախումբի՝ CASPS-ը ներկայացնող պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ համաատենապետներ Ռուբէն Գիւրճեանի եւ Մետիա Քալոկնոմոսի եւ ընկերակցութեամբ կազմի գործադիր տնօրէնուհի Արսինէ Յովհաննէսեանի:

Այս մասին «Արեւելք» կը կարդայ ԱՄՆ հրապարակուող «Ասպարէզ»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ`

Չորեքշաբթի, 26 Յունիսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան Ազգային առաջնորդարանին մէջ ընդունեց շնորհաւորական այցելութիւնը 30 տարիներէ ի վեր հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւն ցուցաբերող յանձնախումբին՝ CASPS-ը ներկայացնող պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ համաատենապետներ Ռուբէն Գիւրճեանի եւ Մետիա Քալոկնոմոսի եւ ընկերակցութեամբ կազմի գործադիր տնօրէնուհի Արսինէ Յովհաննէսեանի:

Յանձնախումբը իր սրտագին շնորհաւորութիւնները փոխանցեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի հոգեւոր հովուութիւնը ստանձնելուն առիթով, ապա ներկայացուց իր կրթական առաքելութիւնը եւ հետապնդած նպատակները, միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով Ազգային առաջնորդարանին, որ միշտ նեցուկ կանգնած եւ զօրավիգ հանդիսացած է յանձնախումբին, մի՛շտ յանուն հայ աշակերտներու յաջողութեան:

Իր կարգին, առաջնորդ սրբազան հայրը դրուատիքով արտայայտուեցաւ հանրային վարժարաններ յաճախող հայ աշակերտներու հարցերով զբաղող այս իւրայատուկ յանձնախումբի իրականացուցած նպատակներուն (ինչպէս՝ ամէնամեայ գնահատանք առաւել քան 400 հայ աշակերտներու, դժուարութիւններու պարագային՝ լուծումներու որոնում եւ այլն) եւ աշխատանքային հեռանկարներուն մասին, ապա կարեւորութեամբ նշեց հայ համալսարանական ուսանողութեան աշխոյժ ու դրական ներկայութիւնը հայութեան հոգեւոր, ազգային, ընկերային եւ մարդասիրական զանազան բնագաւառներու մէջ եւ կատարեց բարեմաղթութիւններ:

Հուսկ, յանձնախումբը նաեւ խնդրամատոյց եղաւ առաջնորդին եւ զայն հրաւիրեց իր աւանդական ձեռնարկին (9 Ապրիլ 2025), որուն ընթացքին գնահատագիրներ պիտի բաշխէ կրթական ընթացիկ տարեշրջանին բարձր նիշեր ապահոված հայ աշակերտներու, բարոյական քաջալերանքին հետ ցուցաբերելով նաեւ նիւթական աջակցութիւն: