Սուրիոյ Հասիչէի («Ալ Հասաքէ») մէջ 3 անձեր զոհուած են։
Այս մասին լուրը կը հաղորէ սուրիացի ռազմական լրագրող Խալէտ Սքաֆ։
Սքաֆ, որ այս մասին գրառում մը կատարած է նաեւ նշած է, որ ամերիկեան կործանիչներ հարուածած են Հասիչէ քաղաքի «Խըրպէթ ժամուս» աւանին մէջ գտնուող բնակարան մը, որուն հետեւանքով ալ անձեր զոհուած են։
Մինչեւ այս լուրին հրապարակուիլը, այլ մանրամասնութիւններ չեն նշուիր։