image

Հասանովը Սթոլթընպերկին տեղեկացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող դրութեան մասին

Հասանովը Սթոլթընպերկին տեղեկացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող դրութեան մասին

Մարտ 18-ին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը հանդիպած է պաշտօնական այցով Ատրպէյճան գտնուող ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթընպերկի գլխաւորած պատուիրակութեան հետ։

Տեղի լրատուամիջոցներու հաղորդմամբ՝ Հասանով ՆԱԹՕ-ի Ընդհանուր քարտուղարին տեղեկացուցած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակի մասին։

Եանս Սթոլթընպերկը՝ Հասանովի հետ հանդիպման յաջորդող մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է, որ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու սերտ համագործակցութիւնը մեծ ներդրում ունին ՆԱԹՕ-ի հետ յարաբերութիւններուն մէջ։

APA գործակալութիւնը հաղորդած է, որ Սթոլթընպերկը բարձր գնահատած է ատրպէյճանական բանակի գործունէութիւնը խաղաղապահ առաքելութիւններու ժամանակ եւ այլ ոլորտներու մէջ ՆԱԹՕ-ի հետ գործընկերութեան շրջածիրէն ներս։

Նշուած է, որ Հասանովն ալ երախտագիտութիւն յայտնած է Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի Ընդհանուր քարտուղարին ՆԱԹՕ-ի կողմէ 30 տարիներու ընթացքին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու համար։

Հանդիպման քննարկուած են համացանցային անվտանգութեան, ականազերծման, ինչպէս նաեւ երկկողմ ռազմական յարաբերութիւններու այլ ոլորտներու մէջ զարգացման հեռանկարները, միտքեր փոխանակուած են տարածաշրջանային անվտանգութեան շարք մը հարցերու շուրջ։