Ռուսիոյ կ'անհանգստացնեն տեղեկութիւններն առ այն, որ Միացեալ Նահանգները կը փորձէ միջնորդական ծառայութիւններ պարտադրել Պաքուի եւ Ստեփանակերտի միջեւ երկխօսութեան մէջ (նաեւ՝ սպառնալիքներու միջոցով), այդ հարցեր կ'առաջացնէ ամերիկացի միջնորդներու ադեկվատութեան վերաբերեալ: Այս մասին «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Յիշեցնենք, որ Ուաշինկթընի մէջ դիւանագիտական աղբիւրը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին յայտնած էր, որ Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախի Հանրապետութեան) ներկայացուցիչներուն կը ստիպէ երրորդ երկրի մէջ հանդիպիլ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներու հետ, իսկ մերժման պարագային կը սպառնայ ատրպէյճանական հակաահաբեկչական գործողութեան իրականացմամբ։
«Ուաշինկթընը վերջնագրային ձեւով Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն կը ստիպէ համաձայնիլ յառաջիկային «երրորդ երկրի մէջ» ատրպէյճանական կողմի հետ հանդիպման՝ ամերիկացի համակարգողի մասնակցութեամբ։ Նպատակը Միացեալ Նահանգները տարածաշրջան մտցնելն է»,-ըսած է գործակալութեան զրուցակիցը։
«Աւելին, եթէ Ղարաբաղի ղեկավարութիւնը հրաժարի նման շփումէն, անոր կը սպառնան տարածաշրջանին մէջ ատրպէյճանական հակաահաբեկչական գործողութեան անցկացմամբ»,- պարզաբանած է աղբիւրը։
Գործակալութեան զրուցակցի խօսքով՝ ամերիկեան «խաղաղարար նախաձեռնութեան» «լոպպինկով կը զբաղի» Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Ղազարեանը: