image

ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի 2025-ի անդամավճարը պիտի հաշուարկուի եւ ներկայացուի Երեւանին

ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի 2025-ի անդամավճարը պիտի հաշուարկուի եւ ներկայացուի Երեւանին

Հակառակ ՀԱՊԿ անդամավճարն այս տարի չվճարելու Երեւանի որոշման՝ 2025 թուականի անդամավճարի գումարը պիտի հաշուարկուի եւ ներկայացուի Հայաստանին։ Այս մասին ըսած է ՀԱՊԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վիկթոր Վասիլեւը։

Պատասխանելով հարցին, թէ արդեօք յայտնի է 2025 թուականի պիւտճէին մէջ վճարում չկատարելու Հայաստանի մտադրութեան մասին, Վասիլեւն ըսած է, որ «այդ արդէն քաղաքական որոշում է»։

«Պիտի դդիտարկուի 2025թ. պիւտճէի նախագիծը, համապատասխանաբար, պիտի հաշվարկուին բոլոր յօդուածները։ Այդ գումարի 10 տոկոսը պիտի հաշուեգրուի Հայաստանին»,-ըսած է Վասիլեւը՝ միաժամանակ աւելցնելով, որ ատկէ ետք «արդէն երկրի ղեկավարութեան քաղաքական կամքն է»՝ կը վճարէ Երեւանը այդ գումարը, թէ ոչ։

Անդրադառնալով կազմակերպութեան պիւտճէի խնդրին՝ Վասիլեւ նշած է, որ այն, ինչ կը վերաբերի 2025 թուականին, հետագայ քննարկումներու թեմայ է։ Բացի այդ, ան նաեւ յայտնած է, որ «կազմակերպութեան պիւտճէն սահմանուած համամասնութեամբ բաշխուած է բոլոր անդամ պետութիւններու միջեւ։

«Այսինքն՝ անդամավճարներու 50 տոկոսը կը վճարէ Ռուսիան, իսկ մնացած 50 տոկոսը բաշխուած է միւս հինգ անդամ պետութեան միջեւ։ Համապատասխանաբար՝ իւրաքանչիւր երկիր (Ռուսիայէն բացի) կը վճարէ պիւտճէի 10 տոկոսը, այդ շարքին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը»,-աւելցուցած է Վասիլեւը։