image

Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւն. Դրական գնահատականներ

Հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւն. Դրական գնահատականներ

Ինչպէս տեղեկացուցած էինք՝ այս տարուան  Մայիսին, Հայաստանի կառավարութիւնը հաստատած է հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի զարգացման ռազմավարութիւնը եւ մինչեւ 2035 թուական, անկէ բխող գործողութիւններու ծրագիրը: Պետական պաշտօնեաները հաստատած են, որ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը մինչեւ հիմա  ռազմավարութիւն ունեցած չէր, եւ հաստատուած ռազմավարութեան ծրագիրը կու գայ լրացնելու այդ բացը եւ իրականացնելու սահմանուած երեք նպատակները: Այդ նպատակներն են՝   երկրաբանութեան միասնական, թուային տեղեկատուական շտեմարանի ստեղծում ու վարում, ընդերքի օգտագործման եւ պահպանութեան ոլորտի մէջ արդիւնաւէտ որոշումներու կայացում, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի միջազգային չափանիշներու, մօտեցումներու կիրառում:

Ռազմավարութեան ծրագիրի հաստատումէն ետք, տեղի կ՚ունենան քննարկումներ: Վերջերս տեղի ունեցաւ   «Հանքարդիւնաբերութեան զարգացման ռազմավարութիւնը՝ պատասխանատու հանքարդիւնաբերութեան տեսանկիւնէն» խորագրով քննարկում մը, որու ընթացքին, ներկայ պետական պաշտօնեաներն ու հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի ներկայացուցիչները հաստատեցին, որ մասնագիտական հանրութիւնը դրական  գնահատած է կառավարութեան կողմէ ընդունուած հանքարդիւնաբերութեան ռազմավարութիւնը: ՀՀ տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու փոխնախարար՝ Յովհաննէս Յարութիւնեան նշած է, որ  այդ ռազմավարութեան քննարկումները եղած են բաց, եւ ռազմավարութեան իրականացման ընթացքին, կառավարութիւնը միշտ պատրաստակամ է նոր դիտարկումներ լսելու ու դիտողութիւններ ընդունելու: Փոխնախարարը նաեւ ըսած է, որ ընդունուած փաստաթուղթը հնարաւորութիւն պիտի տայ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը աւելի ու աւելի կարեւորելու եւ անոր տեղն ու դիրքը երկրի տնտեսութեան զարգացման մէջ ընդգծելու: 

Հանքարդիւնաբերութիւնը այն ոլորտներէն է, ուր եթէ ոչ ուղղակի, ապա միջնորդուած կերպով, պետութիւնը կրնայ  հաղորդակից ըլլալ յաջողութիւններուն եւ աջակցիլ այդ ոլորտի մէջ գործող կազմակերպութիւններուն՝ սարքաւորումներ գնելու, եւ այլ հարցերու մէջ: Այդպիսի աջակցութեան ծրագիրներ արդէն կը գործեն:  

 

ՀՀ տարածքային կառավարման ու ենթակառուցուածքներու փոխնախարար Յովհաննէս Յարութիւնեանի փոխանցմամբ,  կառավարութիւնը ժամանակահատուած նախանշած է եւ կը պատրաստուի որոշումներ կայացնելու՝ կապուած նոր չափանիշներու հետ: Չափանիշները շատ կարեւոր են միջազգային հիմնադրամներու, կազմակերպութիւններու համար: 

 

«Կարեւոր է, որ մենք ապրենք այնպիսի միջավայրի մէջ եւ մեր ժառանգներուն թողնենք այնպիսի պետութիւն, որտեղ ցանկացած ռազմավարութեան սդանտարտներ կը լինեն հստակ ու կանխատեսելի։ Բարձր վարկանիշ ունեցող բազմաթիւ ֆինանսական կազմակերպութիւններ իրենց ներդրումներն իրականացնելու համար այնպիսի տարածաշրջաններ են փնտռում, որտեղ կան հստակ ստանդարտներ։ ՀՀ-ում այսօր կան մեծ նախագծեր, որոնց ֆինանսաւորումը գալիս է միջազգային ֆոնտերից եւ դրանցում առաջնային են պետութեան կողմից ստանդարտների ընդունումն ու հետեւողական կիրառումը։ Ներդրումային միջավայրը յետայսու եւս պէտք է երաշխաւորուի միջազգային սդանտարտներով»,- նշած է փոխնախարարը։

Քննարկման մասնակից՝ Զանգեզուրի պղնձամոլիբդէնային ընկերութեան, կայուն զարգացման գծով տնօրէն՝ Արմէն Ստեփանեան իր հերթին նշած է, որ պէտք է ձգտիլ աւելի շատ որակեալ ներդրողներ ներգրաւելու, քանի որ ամէն ներդրող իր հետ նոր չափանիշներ ու փորձ կը բերէ, որոնք յետագային փայլուն արդիւնքներ կու տան։

Քննարկման ժամանակ անդրադարձած են նաեւ Գեղարքունիքի մարզին մէջ գտնուող՝ Սոթքի հանքի յետագայ ճակատագրին մասին, որուն աշխատանքները, ինչպէս յայտնի է, դադրած են, Ատրպէյճանի կողմէ պարբերական դարձած կրակոցներու հետեւանքով:  Փոխնախարարը տեղեկացուց, որ սահմանամերձ գօտիին վրայ գտնուող հանքը այսույետ պիտի աշխատի ստորգետնեայ շահագործման եղանակով։ Մասնագէտները դրական գնահատած են փակ շահագործման տարբերակը, որովհետեւ այդ աւելի անվտանգ է։ Հանքի բաց հատուածի գործունէութեան դադրելէն ետք, մարդիկ ստիպուած են նոր աշխատանք փնտռելու, հետեւաբար, կառավարութիւնը այդ հարցով պիտի փորձէ անոնց օգնել։  

ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ՝ Հայաստանի հանրապետութեան տարածքին կայ մետաղի 44 հանքավայր, որոնցմէ 23-ը ունին շահագործման արտոնագիր: Փաստօրէն, անոնցմէ 13-ը կ՚աշխատին: Իսկ այս պահի դրութեամբ, ընդամէնը մետաղի 7 հանքավայր կ՚աշխատի եւ գործունէութիւն  կ՚իրականացնէ: