Առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ յանձնախումբի ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեանին, փոխատենապետուհի Հերմինէ Ճանոյեանին եւ անդամներ՝ Հայտի Քաւուքճեանին, Լաուրա Արսլանեանին, Տիրուհի Պետրոսեանին, Թալին Թելեանին, Շողիկ Վարձպետեանին, Վանիա Գորդեանին, Մարալ Պոյաճեանին եւ Անի Աճեմեանին, իրենց անձնուէր նուիրումի համար։
Համբարձման տօնին, Հինգշաբթի, 26 Մայիսին, Պըրպենքի առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի՝ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Սուրբ պատարագ: Օրուան պատարագիչն էր Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան:
Պատարագին ներկայ էին թեմի զանազան ծուխերէ ժամանած եկեղեցականներ, ինչպէս նաեւ թեմական, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամներ եւ մեծ թիւով հաւատացեալներ:
Յընթացս Ս. պատարագի, առաջնորդ սրբազան հօր նախագահութեամբ, տեղի ունեցան Հայրապետական մաղթանք եւ Անդաստանի արարողութիւն՝ ի յիշատակ 1441 թուականին Սիսէն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսական աթոռի վերահաստատման՝ Սուրբ Էջմիածին, որմէ ետք՝ պատարագիչ տէր հայրը ըստ օրուան տօնի եւ խորհուրդին՝ իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։
Պատարագին աւարտին, Համբարձման տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան եւ գեղարուեստական յայտագիր մը` կազմուած ազգային երգերէ ու ստեղծագործութիւններէ. ներկայ էին զանազան ծուխերէ ժամանած հոգեւորականներ, մտաւորականներ, թեմական զանազան կառոյցներու ներկայ եւ նախկին պատասխանատուներ, քաղաքային պաշտօնեաներ եւ այլք:
Ձեռնարկի մեկնարկը տրուեցաւ առաջնորդ սրբազան հօր օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համբարձման տօնի յանձնախումբի փոխատենապետուհի Հերմինէ Ճանոյեան, ով ի յիշատակ յանձնախումբի վաստակաշատ եւ վաղամեռիկ անդամուհի Արփի Պարսամի, անոր ամուսնուն՝ Պապ Պարսամին նուիրեց նկարիչ Մարալ Պոյաճեանի արուեստի գործերէն մէկը։ Ճանոյեան նոյն արուեստագէտին գործերէն նուիրեց նաեւ Սինդի Նորեանին, Արշակուհի Դաւիթեանին, Սիպիլ Աբրահամեանին, Մարկարիթ Մկրուպլեանին, Ալիս Նաւասարգեանին, Հիլտա Ֆիդանեանին եւ Էլիզապէթ Աղպապեանին՝ իրենց մշտամնայ աջակցութեանց եւ օգտակարութեանց համար։
Ողջոյնի խօսքը արտասանեց նաեւ յանձախումբի ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն՝ Արեւմտեան թեմի հիմնադրման 95ամեակին զուգընթաց Համբարձման 17րդ տօնական այս գեղեցիկ ճաշկերոյթին մասնակցելուն համար, որը նաեւ մեծ առիթ է երախտագիտութիւն յայտնելու Արեւմտեան թեմի այն նուիրեալներուն, որոնք զինուած քրիստոնէական անմահ հաւատքով, կը գործեն ի նպաստ թեմի բարգաւաճումին։
Միջոցառման վերջաւորութեանը, առաջնորդ սրբազան հայրը, կարեւորելով օրուան խորհուրդն ու նշանակութիւնը, իր դրուատանքի խօսքերն ուղղեց վաստակաշատ տիկիններ՝ Սալբի Մանկերեանին, Ատրինէ Ղուկասեանին, Սիրվարդ Քաւուքճեանին եւ Հայտի Քաւուքճեանին, ինչպէս նաեւ մշտապէս Հայ եկեղեցուն սատար կանգնող՝ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քեթրին Պարկըրին։

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց նաեւ յանձնախումբի ատենապետուհի Արաքսի Պոյամեանին, փոխատենապետուհի Հերմինէ Ճանոյեանին եւ անդամներ՝ Հայտի Քաւուքճեանին, Լաուրա Արսլանեանին, Տիրուհի Պետրոսեանին, Թալին Թելեանին, Շողիկ Վարձպետեանին, Վանիա Գորդեանին, Մարալ Պոյաճեանին եւ Անի Աճեմեանին, իրենց անձնուէր նուիրումի համար։
Յընթացս մշակութային ձեռնարկի, երաժշտական կատարումներով հանդէս եկան Սուրբ Պետրոս Հայց. եկեղեցւոյ «Մանուկներու ձայն» երգչախումբի սաները, ղեկավարութեամբ՝ տիկին Քաւուքճեանին եւ «Շուշան» պարային խումբը, ղեկավարութեամբ՝ Արամ Այրումեանի։
Օրուան յայտագիրը վերջ գտաւ թեմակալ առաջնորդ սրբազան հօր եզրափակիչ օրհնութեան խօսքով եւ աղօթքով:
Դիւան Առաջնորդարանի