image

«Համաս» Իսրայէլ այցելած Իլոն Մասքը Կազա հրաւիրեց

«Համաս» Իսրայէլ այցելած Իլոն Մասքը Կազա հրաւիրեց

Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ արմատական շարժումը կոչ ըրած է ամերիկացի ձեռնարկատէր, Tesla եւ SpaceX ընկերութիւններու գործադիր տնօրէն Իլոն Մասքին այցելելու Կազայի հատուած։ Այս մասին յայտնած է շարժման ղեկավարութեան անդամ Ուսամա Համտանը։

«Մենք կոչ կ՚ընենք Իլոն Մասքին այցելելու Կազայի հատուած, որ տեսնէ բռնատէրի (Իսրայէլի - խմբ․) կողմէ Կազայի հատուածին մէջ մեր ժողովուրդի դէմ իրականացուած ջարդի մաշտապները», -յայտնած է Al Jazeera հեռուստաալիքը։

Նշնենք, որ աւելի վաղ Մասքն այցելած է Իսրայէլ եւ հանդիպած երկրի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ:

Այցի շրջածիրէն ներս Մասք եղած է Քիպուց Քֆար Ազա, ուր նոյեմբեր 7-ին տեղի ունեցած է ՀԱՄԱՍ-ի յարձակումը։ Այնտեղ գործարարին ցոյց տուած են պաղեստինցի գրոհայիններու յարձակման հետեւանքները։