Պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը պատանդ կը պահէ 30 երեխայ. այս մասին յայտարարած է Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկը՝ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպման, հաղորդած է kommersant.ru-ն:
Խօսելով առեւանգուածներու ազատ արձակման մասին՝ Իսրայէլի նախագահը նշած է, որ տարբերութիւն չկայ միայն Իսրայէլի քաղաքացիութիւն եւ երկքաղաքացիութիւն ունեցողներու միջեւ։
«Ի վերջոյ, իւրաքանչիւր իսրայէլցի իսրայէլցի է, եւ մենք կ՚ուզենք, որ անոնք վերադառնան որքան հնարաւոր է շուտ»,- աւելցուցած է ան:
Իսրայէլի իշխանութիւններու տուեալներով՝ ՀԱՄԱՍ-ի կողմէ պատանդ պահուող ընդհանուր առմամբ 222 մարդ կայ։