image

«Համաս» հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ

«Համաս» հրթիռներ արձակած է Թել Աւիւի ուղղութեամբ

Պաղեստինեան «Համաս» խմբաւորումը կիրակի՝ վերջին ամիսներուն առաջին անգամ ըլլալով, հրթիռակոծած է Թել Աւիւի տարածքը։ Առնուազն ութ հրթիռ արձակուած է Ռաֆահէն քաղաքի ուղղութեամբ, որոնցմէ մի քանին որսացած են, յայտնած են իսրայէլացի զինուորականները:

Զոհերու մասին տեղեկութիւններ չկան, տեղեկացուցած է BBC-ն։

Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ հարուածած է Ռաֆահի մէջ գտնուող կառոյցներ, որ, Իսրայէլեան բանակի տուեալով, գրոհայինները օգտագործած են հրթիռակոծման համար:

Կազայի հատուածի առողջապահութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի յայտնած է, որ Ռաֆահի մէջ տեղահանուածներու կեդրոնին հասցուած հարուածէն զոհուած է առնուազն 35, վիրաւորուած քանի մը տասնեակ մարդ:

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը յայտարարած է, որ օդային հարուած հասցուցած է քաղաքին մէջ «Համաս»-ի ճամբարին, եւ տեղեակ են,  որ տուժած են նաեւ խաղաղ բնակիչներ: «Հարուածն իրականացուած է օրինական թիրախներու դէմ՝ միջազգային իրաւունքին համապատասխան, հիմնուած ճշգրիտ հետախուզութեան վրայ, ըստ որու՝ «Համաս»-ն օգտագործած է այդ տարածքը հրթիռային յարձակման համար»,-ըսուած է Իսրայէլեան բանակի յայտարարութեան մէջ: